2014-03-08 13:36:05

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը ''Քահանայապետական տնտեսական խորհուրդի անդամներու անուանում''։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 5 տարուայ տեւողութեամբ, ութը կարտինալներ եւ եօթը աշխարհականներ անուանեց որպէս` անցեալ 24 փետրուարին, իր ինքնագիր նամակով հաստատած` ''Քահանայապետական տնտեսական խորհուրդի'' անդամներ։

Ութը կարտինալներն են` կարտինալ Րէյնարտ Մարքս, կարտինալ Խուան Լուիս Չիփրիանի Թորն, կարտինալ Տանիել Տի Նարտոյ, կարտինալ Ուիլֆրիտ Ֆոքս Նափիէ, կարտինալ Ժան Փիէր Րիքարտ, կարտինալ Նորպէրթօ Րիվէրա Քարրերայ, կարտինալ Ժոն Թոնկ Հոն եւ կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին։ Իսկ որպէս աշխարհականներ` Տիար Ժոզէֆ Զահրա` Մալթայէն, Տիար Ժան Պաբտիստ Տէ Ֆրանսու` ֆրանսայէն, Տիար Ժոն Գիլէ` Քանատայէն, Տիար Էնրիք Լանօ Քուէթօ` Սպանիայէն, Տիար Եոխէն Մէզնէր` Գերմանիայէն, Տիար Ֆրանչէսքօ Վերմիլիօ` Իտալիայէն եւ Տիար Ժորժ Եէօ` Սինկափորէն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի տնօրէնը` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, այս անուանումներու մասին արտայայտուելով յայտնած է թէ Կարտինալներ` Չիփրիանի Թորն, Նափիէ, Րիվէրա Քարրերայ, Թոնկ Հոն եւ Վալլինի, ինչպէս նաեւ կարտինալ Փելը` տնտեսական խորհուրդի նոր կառավարիչը, մաս կը կազմէին Սրբազան Քահանայապետէն ստեղծուած 15 կարտինալներէ բաղկացած խորհրդատու մարմնին, որուն գործունէութիւնը դադրած կը նկատուի, մինչ կարտինալ Մարքս եւ կարտինալ Փելը մաս կը կազմեն Քահանայապետի անմիջական օգնական եւ խորհրդատու կարտինալական ''ութեակ'' մարմնին։
Հայր Լոմպարտի ապա յայտնած է թէ վերոյշեալ խորհուրդի ստեղծումը կարեւոր քայլ մըն է Սուրբ Աթոռի ներկայ մատակարարական կառոյցներու ամրապնդումի գծով, ինչպէս նաեւ տնտեսա-մատակարարական հարցերու համադրումի եւ հսկողութեան ուղղութեամբ։
Վերոյիշեալ խորհուրդի գործունէութիւնը ի զօրու է անմիջապէս։ Խորհուրդը իր առաջին հաւաքը կը գումարէ յառաջիկայ մայիս ամսուայ ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.