2014-03-08 09:29:20

Լաթվիոյ խորհրդարանը դատապարտած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակումը
Եւ մտահոգ են որ կրնայ իրենց կարգը հասնիլ


«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաթվիոյ խորհրդարանը դատապարտած է «Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակումը» եւ նշած, որ կասկած չունի, թէ Ռուսիա կը ծրագրէ դրացի երկիրը բռնագրաւել:
Բացի ատկէ, որոշ լաթվիացի քաղաքական գործիչներ համոզուած են, որ Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն ետք ռուսական հրասայլերը պիտի գան Պալթեան երկիրներ:
Լաթվիոյ խորհրդարանը` Սէյմը վեց ժամ քննարկած է Ուքրանիոյ իրավիճակը: Քննարկման աւարտին ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տրուած է որոշումին, որ կը դատապարտէ ռուսական զօրքի մուտքը Խրիմ եւ կը նշէ, որ եթէ ոչ ամբողջ Ուքրանիան, ապա առնուազն ատոր մէկ մասը գրաւելու ռուսական մտադրութիւններ գոյութիւն ունին:
Լաթվիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռայմոնտ Վեյոնիս նախազգուշացուցած է Ռուսիոյ կողմէ Լաթվիոյ մէջ սադրանքներու մասին` նոյնիսկ իրական զինուորական վտանգի բացակայութեան պարագային:
Ըստ Վեյոնիսի, ազգային կառավարութիւնը պէտք է մեծցնէ պաշտպանութեան ծախսերը: Անոր հետ համաձայն է նաեւ երկրի վարչապետ Լայմտոթա Սթրաույումա: Բացի ատկէ, Պալթեան կողմին խնդրանքով, Միացեալ Նահանգներ պիտի մեծցնեն քանակը կործանիչներու, որոնք կը հսկեն Պալթեան երկիրներու օդային տարածքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.