2014-03-07 10:12:17

Սիրոյ իսկական իմաստը


RealAudioMP3 Որպէս ընկերային էակներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ կը կրէ բնածին բաբաք մը ընկերութեան եւ բարեկամութեան հեգեկան ուրախութեանց: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ կը կրէ նաեւ իբր որոշեալ սեռի մը պատկանող, ինքնաբուխ յարում մը, եւ ձգտում մը հանդէպ միւս սեռին, եւ այս յարումը եւ ձգտումը տարբեր է այն միտումէն, որ կը զգանք սովորաբար նոյնասեռ անձի մը հանդէպ: Հրապոյրի այս յարումը կը յայտնուի զանազան ձեւերով՛ որով կրնանք զանոնք երեքի վերածել` Սեռային հրապոյրի ընդհանուր ձգողութիւն, սեռային անձնական ձգողութիւն եւ սեռային ֆիզիքական ձգողութիւն:
Սեռային հրապոյրի ընդհանուր ձգողութիւնը չի ձգտիր ֆիզիքական գոհունակութիւն ունենալու եւ ոչ ալ ուղղուած է որոշեալ անհատի մը: Ան գլխաւորապէս կը կայանայ դրդրիչ շահագրգռութիւն ունենալու մէջ: Այլ խօսքով` այր մարդիկ մասնաւորաբար կը հրապուրուին կիներու շնորհալի ազնուութենէն, անոնց գեղեցկութեան հմայքէն: Իսկ կիները կը հրապուրուին այր մարդու կորովէն, քաջասրտութենէն, եւ զօրաւոր անձաւորութենէն: Երկու սեռերէն իւրաքանչիւրը կը միտի հիանալու այն առաքինութիւններուն եւ բարեմասնութիւններուն վրայ, որ ընդդիմադիր սեռին տիպար նկարագիրը կը կազմեն: Իւրաքանչիւրը մեծ կամ փոքր փախձանք մը կը զգայ լսելու միւսին ձայնը, տեսնելու զինքը, անոր ընկերակից ըլլալ: Հրապոյրի այս տեսակ ուժը շատ ճշգրիտ նպատակ մը ունի, ուղղուած Աստուծմէ, այսինքն ձուլել երկու սեռերը ընկերային կեանքին մէջ, ցոյց տալով անոնց փոխադարձաբար իրարմէ կախում ունենալը ինչպէս անոնց վրայ ազդելու կարողոթիւնը. այսպէս տակաւ առ տակաւ կ՛առաջնորդուին այդ երկու անհատները Աստուծմէ հաստատուած վախճանին` ամուսնութեան եւ որդեծնութեան:
Բնական է որ երիտասարդ մը անձին փորձառութեամբ նկատէ հետեւեալը. այսինքն որքան ալ իրեն հաճելի են բազմաթիւ աղջիկներ, բայց կը զգայ թէ ինքը տարուած է գլխաւորապէս մէկէ մը: Բնականաբար աղջիկներն ալ նոյնը կրնան զգալ երիտասարդներուն հանդէպ: Այս առանձնայատուկ նախադասումը մասնաւոր անձի մը կը կոչուի սեռային անձնական ձգողութիւն կամ հրապոյր:
Սեռային անձնական ձգողութիւնը` նման բարեկամութեան՛ կը պահանջէ հրապուրիչ յարում մը հանդէպ յատուկ անձի մը, եւ ոչ թէ ընդհանուր պարզ հետաքրքրուիլ մը, եւ կամ ֆիզիքական ձգտում մը անհատի մը մարմինին: Անոր ամենացայտուն յատկանիշը կազմողը այլամերժութիւնն է: Այս ձեւ սիրահարուող անձը կը ցանկայ բացարձակ կերպով տէր դառնալ իր սիրած անձին: Այս պատճառաւ կը զգայ հարկը լրիւ համապատասխանելու, եւ բացարձակ մենատէր դառնալու իր սիրած անձին սիրոյ զգացումներուն:
Սեռային ձգողութեան երրորդ տեսակը ֆիզիքականն է: Բառացի նշանակութեամբ մարմիններու միջեւ գոյացած ձգողութիւն մըն է: Այս ձգողութեամբ մէկը կը տեսնէ միւս անձի սեռին մէջ միջոց մը գրգռելու իր ֆիզիքական կիրքը եւ անոր գոհունակութիւն տալու, որով կը մղէ նաեւ զինքը կատարելու ինչ որ կ՛իրականացնէ այդ գոհունակութեան զգացումը, ինչպէս մասնաւոր կերպով աւելի ողջագուրումներ եւ հուսկ յանգելու սեռային միութեան: Ամուսնութենէ վերջն է որ իրաւունքին մէջ կը մտնէ ֆիզիքական ձգողութիւնը, եւ մարդուն ալ սեռային բնազդին ծաղկածութեան ժամանակն է: Երբ այս երեք աստիճանաւոր կարգերը իրարու յաջորդեն` Աստուծոյ ծրագրած օրէնքներուն համաձայն, այն ատեն սեռը նպաստող մը կ՛ըլլայ մարդկային կատարելութեան գործին ու միջոց մը անձին փրկութեան եւ սրբութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.