Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսուսութիւնը մասնակցեցաւ Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր
վարչութեան ժողովին:
1957 թուականին հիմնուած Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը կազմուած է Ասիոյ Երկիրներու եկեղեցիներէն
եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններէն: Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ԱԵԽ) Ընդհանուր
Վարչութիւնը ԱԵԽ-ի գործադիր վերին մարմինն է, անդամները ընտրուած են ԱԵԽ-ի Ընդհանուր
Համաժողովին և կը վարեն խորհուրդի հիմնական աշխատանքները: Իրանի Հայոց Եկեղեցին,
հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2010-ի անդամակցեցաւ ԱԵԽ-ին իբրեւ
լիիրաւ անդամ, և ունի իր ներկայացուցիչները խորհուրդի յանձնախումբերուն մէջ: Ա.Ե.Խ.-ի,
ընդհանուր Վարչութիւնը իր հերթական ժողովը գումարեց Ջիանկ Մայի- Թայլանտ քաղաքին մէջ
24-28 փետրուար 2014-ին: Ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ
Արք. Սարգսեան, եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ ժողովական աշխատանքներուն: Առաջին
օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց Սեպուհ Սրբազան: Ան նախ ողջունեց բոլոր ժողովականները,
յայտնեց որ այս օրերուն Հայոց Եկեղեցին կը ոգեկոչէ յիշատակը Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ
Վարդանանց զօրավարաց, որոնք նահատակուեցան յանուն քրիստոնէութեան եւ իրենց հայրենիքին:
Ապա Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց Քրիստոսի խօսքը` «Ես եմ աշխարհի լոյսը, ան որ իմ ետեւէս
կու գայ, խաւարին մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»: Իր խօսքի ընթացքին
Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս
միլիոն անմեղ հայորդիներ: Երեք օրերու վրայ տարածուած աշխատանքի ընթացքին ժողովականները
լսեցին խորհուրդին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հենրիէթ Հոդապարադ Լեպտկի եւ խորհուրդի
բաժանմունքներուն նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, քննարկեցին խորհուրդի կանոնագրութեան
նոր բնագիրը: Որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ Ընդհանուր Համաժողովը տեղի ունենայ Ինտոնեզիոյ
մէջ, 2015-ին, նիւթ ունենալով Աստուծոյ Ընտանիքը: Ժողովի երրորդ օրը Սեպուհ Սրբազան
առաջարկեց, որ ԱԵԽ-ը 2015-ի յատուկ կերպով անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան: Ժողովականները
համակրանքով ընդունեցին առաջարկը եւ պարտականութիւն տուին ընդհանուր քարտուղարութեան
որ յատուկ նամակով թելադրէ խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն, որ 2015-ի Ապրիլին ոգեկոչեն
յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներուն, որպէս զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին:
Ժողովական աշխատանքներուն աւարտին Սեպուհ Սրբազան Պանկքոքի մէջ հանդիպում ունեցաւ
փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամներուն եւ Հայաստանի պատուոյ Հիւպատոս մեծարգոյ պրն. Արթօ
Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու երիտասարդութեան հետ յիշեցնելով անոնց,
որ մենք ազգովին կը պատրաստուինք նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, եւ հետեւաբար`
մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է իր շրջանակներուն մէջ պատգամախօս հանդիսանալ համազգային
այս մեծ իրադարձութեան: