2014-03-07 12:28:34

''Ամենախիստ ծոմապահութիւնը եղբայրսիրութիւնն է'' ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


Ուրբաթ, 7 մարտի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց քառասնորդաց շրջանի ծոմապահութեան վրայ, հաստատելով թէ իսկական հաւատքը սերտօրէն կապուած է աղքատներու հանդէպ եղբայրասէր կեանքի մը, առանց որուն մեր դաւանանքը կեղծաւորութիւն կը դառնայ։
Քրիստոնէութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը – առանց հոգիի կանոն մը չէ։ Քրիստոնէութիւնը` նոյնինքն Քրիստոսի''մարմինն ' է որ կը հակի տառապեալին առանց ամչնալու։
Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր Յիսուս օրէնքի վարդապետներուն հետ կը զրուցէ, որոնք կը քննադատեն աշակերտները որովհետեւ ծոմ չեն պահեր։ Օրէնքի վարդապետները պատուիրաններու պահպանումը ''ձեւականութիւն'' դարձուցած էին, հոգեւոր կեանքը վերածելով ''բարոյական ապրումի'' մոռնալով անոր արմատը որ է ''փրկչագործութեան եւ ուխտի պատմութիւնը'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ընդգծեց թէ ''Տիրոջ ուզած իսկական ծոմապահութիւնը կը կայանայ ճնշումի տակ ապրողները ձեռբազատել, մեր հացը բաժնեկցիլ անօթիին հետ, մեր տուներու մէջ հիւրընկալել անտնակները, ու մերկ անձերը զգեստաւորելու մէջ'' ։
''Ամենախիստ ծոմապահութիւնը եղբայրսիրութիւնն է'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը. Բարի Սամարացիի ցուցաբերած ծոմապահութիւնն է, որ կը հակի վերաւորուած անձին։
Հարց տանք - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը խօսքին աւարտին - ես գիտե՞մ հիւանդին, տարեցին ու անտնակին գուրգուրալ։ Չամաչնանք մեր եղբօր ''մերկութենէն'', ատիկա մեր իսկ մերկութիւնն է։ Մենք պիտի դատուինք ասոր համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.