2014-03-06 09:48:22

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Պրազիլի Եկեղեցւոյ ''եղբայրակցութեան քարոզութիւն'' կոչուած շարժումին։


Չորեքշաբթի, 5 մարտ 2014, ըստ լատինաց օր մոխրոցի առթիւ, Պրազիլի եպիսկոպոսական դասը պաշտօնապէս սկիզբ կու տայ ''եղբայրակցութեան քարոզութիւն'' նախաձեռնութեան, որ այս տարի ընտրած է հետեւեալ նիւթը. ''եղբայրակցութիւնը, մարմնավաճառութիւնը ու մարդկային շահագործումը'', ունենալով որպէս մարտակոչ` Պօղոս առաքեալի Գաղտիացիներուն ուղղած խօսքը. ''Քրիստոս մեզ ազատագրեց , որպէսզի ազատ մնանք''։
2014-ի '' եղբայրակցութեան 51-րդ քարոզութեան'' ներկայացումը կատարեց` գերապայծառ Լեոնարտօ Շդայներ` քարտուղարը եպիսկոպոսական դասին, մասնակցութեամբ կառավարական, քաղաքացիական ընկերութեան եւ կղերի ներկայացուցիչներուն։ ''Քարոզութեան'' նպատակն է լաւագոյնս ճանչցնել մարմնավաճառութեան ու մարդկային շահագործումի ծանր հետեւանքները եւ պատշաճ մարդիկ պատրաստել պայքարելու այս ողբերգութեան դէմ։
Յայտնենք որ Պրազիլի մէջ աւելի քան 200 հազար հոգիներ թիրախ են մարմնավաճառքի։
''Եղբայրակցութեան քարոզութիւն'' նախաձեռնութեան ներկայացումին ընթացքին կարդացուցեաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը որուն մէջ Ան կը հրաւիրէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը, օգտուելու շնորհքի այս շրջանէն` 40 օրերէն, լաւագոյնս խորհրդածելու համար Աստուծոյ մեզի պարգեւած անհուն ողորմութեան վրայ։
Կարելի չէ անտարբեր մնալ երբ կը նշմարենք մարդիկ առարկայ առեւտուրի – գրած է Քահանայապետը։ Ամէնքս կանչուած ենք խիղճի քննութիւն կատարելու եւ հարց տալու թէ ո՞րքանով մեղսակից ենք մարմնավաճառութեան, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն։
Ամէնքս կանչուած ենք գիտակցելու որ մարդկային արժանաւորութիւնը ազատագրուած է Քրիստոսի արիւնով։ Ուրիշին արժանաւորութիւնը ոտնակոխելով իմ արժանաւորութիւնս ոտնակոխած կ'ըլլամ, քանի ամէնքս հաւասար ենք յաչս Աստուծոյ։
Պրազիլցի ժողովուրդը կանչուած է զօրակցութեան դաս տալ, եւ մաղթանքս է որ քրիստոնեաներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը յանձանառումով գործեն որպէսզի մարդկային էակները` այր թէ կին, երիտասարդ թէ մանուկ, մարմնավաճառութեան ու շահագործումի զոհ չդառնան։ Ասոր հասնելու համար լաւագոյն ճամբան` Քրիստոսի Աւետարանին քարոզութիւնն է։ Յիսուս կ'ուզէ կեանքը պարգեւել ամէնուն եւ առատութեամբ զայն պարգեւել։ Գրած է միշտ Սրբազան Քահանայապետը ու իր պատգամը եզրափակած է բոլոր Պրազիլցիներուն վրայ հայցելով Բարձրեալին հովանին, ''որպէսզի Քրիստոսի մէջ պահենք յոյսը ապականութեան գերութենէն ազատուելու եւ մտնելու` Աստուծոյ որդիներու ազատութեան փառքին մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.