2014-03-06 09:42:04

Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը Մոխրոց օրուայ արարողութեան առթիւ։


''Ձեր սրտերը պատռեցէք եւ ոչ թէ ձեր հագուստները'' (Յովէլ Մարգարէ 2, 13)։

Չորեքշաբթի 5 մարտի յետմիջօրէին, Հռոմի Ավէնթինօ շրջանի` Սանթա Սապինա տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի եւ Մոխրոց Օրհնութեան արարողութիւնները։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, մեկնաբանելով Յովէլ մարգարէի խօսքը ''Ձեր սրտերը պատռեցէք եւ ոչ թէ ձեր հագուստները'' ըսաւ`''Յովէլ մարգարէի այս խորաթաբանց խօսքերով, այսօրուայ ծիսակատարութիւնը մեզ կը ներմուծէ քառասնորդացի շնորհքի շրջանին, որ յատկանշուած է ''սրտերու դարձով''։
Քահանայապետը ապա ակնարկեց թէ ''կ՛ապրինք միշտ աւելի արհեստական աշխարհի մը մէջ, ուր առանց անդրադառնալու կ՛անտեսենք զԱստուած։ Քառասնորդացի Պահքի այս շրջանը մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք արարծներ ենք եւ Աստուած չենք,'' ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով հաւատացեաները բացուելու նաեւ մերձաւորին եւ ուշադրութիւն դարձնելու մեր եղբայրներու կարիքներուն։
Ան ապա անդրադարձաւ Քառասնորդաց շրջանի երեք յատկանիշերուն` Աղօթք, Ծոմապահութիւն եւ Ողորմութիւն։
Աղօթքը ամէն հաւատացեալ Քրիստոնեայի ուժն է – ըսաւ Քահանայապետը – ընդգծելով թէ Քառասնորդաց շրջանը աւելի խոր եւ համոզուած աղօթքի շրջան մըն է։ Մեր տկարութեան մէջ մենք կը դիմենք Աստուծոյ` Անոր անսահման ողորմութեան ու սիրոյն։ Ու այս մեր աղօթքին մէջ Տիրոջ կ՛աղերսենք որ օգնէ տառապանքի եւ աղքատութեան մէջ ապրող մեր կարիքաւոր եղբայրներուն։
Քառասնորդացի ուղեւորութեան երկրորդ յատկանիշը` ծոմապահութիւնն է – յարեց Սրբազան Հայրը։ Ծոմապահութիւնը կ՛օգնէ մեր սիրտը մարզելու էականին եւ բաժնեկցութեան։ Պատասխանատուութեան հոգի ու խղճմտանք ցուցաբերելու անարդարութիւններու եւ չարաշահումներու դիմաց, յատկապէս աղքատներուն ու մանուկներուն հանդէպ։
Իսկ երրորդ յատկանիշը ողորմութիւնն է` որ կը նշանակէ ''ձրիութիւն'', որովհետեւ ողորմութիւնը կը կայանայ ուրիշին տալով բան մը առանց անորմէ ուրիշ բան ակնկալելու։ Ձրիութիւնը ըլլալու է Քրիստոնեան յատկանշող իրողութիւն, գիտակից ըլլալով որ ամէն ինչ ''ձրիօրէն'' ստացած ենք Աստուծմէ։ Այսօր ամէն ինչ հաշիւի տակ կ՛առնուի – ըսաւ Քահանայապետը – ու ձրիութիւնը առօրեային մաս չի կազմեր ։ Ողորմութիւնը մեզ կ՛օգնէ ապրելու ձրիութիւնը որպէս պարգեւ։

''Անգամ մը եւս քառասնորդացը մեզի կ՛ուղղէ կոչը վերադառնալու Տիրոջ, ու մեզի կը յիշեցնէ թէ կարելի է նորութիւն մը իրականացնել մեր կեանքին մէջ ու մեր շուրջ պարզպաէս որովհետեւ Աստուած հաւատարիմ է եւ կը շարունակէ ըլլալ ամենաբարի եւ անհունօրէն ողորմած, միշտ պատրաստ ներելու ու վերսկսելու ընթացքը։ Այս որդիական յոյսով ճանապարհ ելլենք'', եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.