Էդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի նստաշրջանին
Ժընեւի մէջ Մարտ 5-ին աշխատանքային այցով գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը
ելոյթ ունեցած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի
25-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցելու նպատակով Զուիցերիա
մեկնած են շուրջ վեց տասնեակ երկիրներու ԱԳ նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւններ:
Այս մասին կը հաղորդէ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատւութեան ծառայութիւնը:
Հաղորդագրութեան
մէջ նշուած է, որ իր խօսքին մէջ նախարար Նալպանտեանը, մասնաւորապէս, ըսած է.
«Ցեղասպանութեան
եւ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու կանխարգելումը պէտք է ըլլայ մեր գերակայութիւններու
շարքին: Անցեալ տարի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 22-րդ նստաշրջանի ընթացքին, Հայաստանը
նախաձեռնեց Ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ բանաձեւ, որ միաձայն ընդունուեցաւ:
Այդ
բանաձեւի նպատակներէն մէկն է ցեղասպանութեան կանխարգելումը ՄԱԿ անդամ պետութիւններու
համատեղ ջանքերու միջոցով: Ես կը փափաքիմ օգտուիլ այս հնարաւորութենէն եւ շնորհակալութիւն
յայտնել այն բոլոր երկիրներուն, որոնք համահեղինակեցին այս բանաձեւը: Երկու օրէն` Մարտ
7-ին, Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը պիտի գումարէ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման
եւ պատժման մասին Պայմանագրի 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկում, որ կը կազմակերպուի
համաձայն նշուած բանաձեւի դրոյթներուն»:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան
ղեկավարը կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն աշխոյժօրէն մասնակցելու այդ
քննարկման:
Էդուարդ Նալպանտեան իր ելոյթի աւարտին նշած է. «Մարդու բոլոր իրաւունքները
հաւասարապէս կարեւոր են եւ պէտք է հաւասարապէս պաշտպանուին: Այս առիթով ես կը փափաքէի
մատնանշել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար
նպատակներուն` Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագրի առաջին
յօդուածը կը ճանչնայ, որ բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք, որ առանձնայատուկ
կարեւորութիւն ունի, քանզի անոր իրականացումը մարդու իրաւունքներու արդիւնաւէտ երաշխաւորման
կարեւորագոյն նախադրեալ է: Այս անքակտելի իրաւունքը միանշանակ կը պատկանի նաեւ Լեռնային
Ղարաբաղի ժողովուրդին»: