2014-03-05 09:04:33

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը նախագահէ Մոխրոց Օրուայ արարողութիւնը, Սանթա Սապինա կոչուած Հռոմի Պազիլիքային մէջ։


Չորեքշաբթի 5 մարտին, ըստ լատինաց՝ մոխրոց օր է, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յետմիջօրէի ժամը 4,30 ին, Հռոմի Ավէնթինօ շրջանի, Ե. դարուն կառուցուած` Սանթա Սապինա կոչուած Տաճարին մէջ, կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը եւ Մոխրոց Օրհնութեան արարողութիւնները։
Արարողութեան սկիզբը տեղի կ՛ունենայ ''ապաշխարութեան թափօր'' դէպի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ, որուն կը մասնակցին Կարտինալական եւ եպիսկոպոսական դասի անդամներ, Սան Անսելմոյի Պենետիկտեան հայրեր, Սանթա Սապինայի Տոմինիքեան Միաբանութեան անդամներ ու աշխարհական հաւատացեալներ։
''Ապաշխարութեան թափօրի'' աւարտին, Սանթա Սապինայի տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին կը կատարէ նաեւ մոխրոց օրհնութիւնը որ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդ ''հող է եւ հող պիտի դառնայ''։
Սուրբ Արարողութիւններու աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Տոմինիքեան միաբանութեան անդամներուն հետ ու ժամը եօթին Վատիկան կը վերադառնայ։
Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։ Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.