2014-03-05 08:39:35

Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ արժանացաւ Ընտանիքի աստուածաբանութեան մասին համալսարանական վկայականին։


Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի փոխ տեսուչ, անցեալ 26 փտրուար 2014-ին աւարտաճառը պաշտպանելով, բարձրագոյն նիշով արժանացաւ ընտանիքի աստուածաբանութեան մասին վկայականին (լիսանս), Հռոմի Լատերանեան համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետական հաստատութեան ամուսնութեան եւ ընտանիքի մասին ուսումնասիրութիւններու բաժնի կողմէ։ Ան որպէս նիւթ ընտրած է ''լիբանանեան ընտանիքը, ընկերատնտեսական իրավիճակը եւ հովուական հեռանկարներ'':
Յայտնենք որ Հայր Գրիգոր Պատիշահ, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի յայտագիրի ծիրէն ներս, ամէն ուրբաթ օր, կը ներկայացնէ Ընտանիքի նուիրուած հաղորդաշար մը, առ ի պատրաստութիւն Ընտանիքի մասին յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։
Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի անձնակազմը սրտանց կը շնորհաւորէ Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահը անոր մաղթելով միշտ աւելի փայլուն ապագայ եւ պտղաբեր առաքելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.