2014-03-05 09:54:03

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ
Փնտռել պաշտպանող զինակիցներ եւ ոչ թէ վրէժ լուծող ...


RealAudioMP3 Մեզի աջակից, կողմնակից, զօրակից ու բախտակից մարդոց կրնանք հանդիպիլ այս կեանքի մէջ, որոնք պատրաստ ըլլան մեզի համար, կամ մեր փոխարէն որոշ զոհողութիւններ ստանձնելու: Մինչեւ իսկ խոստում տուողներ կրնան ըլլալ, թէ մեր փոխարէն մահուան պիտի երթան: Յիսուսի ընտրած տասներկուքէն մէկը՝ Պետրոս, մինչեւ մահ իր Վարդապետը չուրանալու եւ Անոր մօտէն չհեռանալու խոստում տուաւ, մինչեւ իսկ մեռնիլ պէտք ըլլայ, Քեզ պիտի չուրանամ, ըսաւ ան (Հմմտ. Մր 14.31), սակայն դեռ աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ ուրացաւ իր Տէրը:
Կեանքի պայքարին մէջ առանձին կռուող զինուորները միշտ հակամէտ են յոգնելու: Մարդիկ միշտ զինակիցներ կը փնտռեն, իրենց կեանքի պայքարը յառաջ տանելու համար: Երկիրներու պարագային ալ նոյնն է. միշտ դաշնակիցներ կը փնտռեն երկիրներ, պատերազմական դժուար կացութեանց մէջ իրարու նեցուկ կանգնելու հեռանկարով:
Ոմանց հայեցողութեամբ, ամուսնութիւնը զինակցական այդ դաշնադրութիւններէն է, երբ մարդիկ կեանքի ովկիանոսին մէջ առանձին չնաւելու համար, այս այլընտրանքին կը դիմեն: Մասնաւորաբար իգական սեռին մօտ յայտնուող երեւոյթ է, ամուսնութեան մէջ ապահովութիւն փնտռելը, ամուսին որ պիտի կարենայ զիրենք պաշտպանել կեանքի ամէն վտանգներուն դիմաց: Այդ վտանգները միայն թշնամիներու յարձակումները չեն, այլ ընդհանրապէս ապահովութիւն, իր բոլոր իմաստներով՝ նիւթական, բարոյական, թշնամական եւ այլ:
Ուրիշներ ալ կան, որոնք հաւաքականութեան, ընկերութեան, կազմակերպութեան եւ կամ միութեան կ՛անդամագրուին, դարձեալ առանձին չմնալու համար այս կեանքի ընթացքին: Յատկապէս անապահով կացութիւններու մէջ, մարդիկ միշտ հետամուտ են գտնել իրենց օժանդակող, ու մանաւանդ պաշտպանող անհատներ: Սակայն երբեմն մեզի օժանդակելու համար ընտրուած անձը, առանց իմանալու իր դերակատարութիւնը, հակառակ ընթացք կը բռնէ, երբեմն գիտակցաբար եւ երբեմն անգիտակցաբար, ու օգնելու փոխարէն կը վնասէ, բուժելու փոխարէն կը հարուածէ, պաշպանելու տեղ մահէն ետք վրէժ կը լուծէ, ինչ որ անիմաստ է... Կ՛ըսուի թէ ՜՜մէկը քիւրտին տունը այցելութեան գնաց: Արեւելեան սովորութեան համաձայն սեղան փռուեցաւ գետնին, ճաշկերոյթ սարքուեցաւ, կենացներ սկսան խմուիլ, ու գետնի բազմոցին վրայ ընկողմանած հանգի՜ստ կը վայելէին պատրաստուած կերակուրներն ու խորոտիկները։ Այս հիւրը, տուն մտած վայրկեանին, դուրսէն լսած էր իրարանցում մը, որ հետզհետէ սկսած էր աւելնալ... մտահոգուելով կը հարցնէ տանտէրին, զինք հիւրընկալող քիւրտին թէ ինչո՞ւ համար է այդ դուրսի աղմուկը, եւ ի՞նչ է կռիւի ազդանշան եղող այդ աղաղակներուն պատճառը:
Քիւրտը, որ շատ անհոգ ու անտարբեր երեւոյթ ունէր, եւ բնաւ չէր մտահոգուեր դուրսի աղմուկով, սառնասրտութեամբ դարձաւ ու իր հիւրին ըսաւ. Բա՛ն չկայ, տունս մտած վայրկեանէդ, մեր կողքի թաղի քիւրտերը հաւաքուած ու իրար անցած, կ՛ուզեն քեզ սպաննել: Բայց դուն հոգ մի՛ ըներ, իրենք թող սպաննեն քեզ, տե՛ս թէ մենք ինչպէ՛ս վրէժդ կը լուծենք, եւ քու փոխարէն քանի հոգի կը սպաննենք իրենցմէ՝՝:
Հիւրը աւելի շշմած էր այս պատասխանին վրայ: Ուրեմն իր սպանութենէն ետք լուծելիք վրէժով կը հպարտանար իր հիւրընկալը…:
Ի՞նչ կարիք կայ վրէժի, երբ արդէն չարիքը հասած է:
Վա՜յ այն մարդուն, որ յիշեալ հիւրընկալին նման պաշտպան ունի:
«Մենք Վրէժդ կը լուծենք» ըսողներուն հետ երկար ճամբայ երթալու չէ՛: Ինքնապաշտպանութեան դիմելը, այս պարագային, լաւագոյն յոյսն է մարդուն, ազատելու համար «Մենք վրէժդ կը լուծենք» ըսողներու սին յոխորտանքէն, ու փայփայած ապագայ անիմաստ վրէժխնդրութենէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.