2014-03-05 08:49:29

«Եգիպտոսի Նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու մեծամասնութեան պահանջը չեմ կրնար անտեսել» ըսաւ Զօր. Սիսի։


Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար մարաջախտ Ապտելֆաթթահ Սիսի յայտնեց, որ «Եգիպտոսի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու մեծամասնութեան պահանջը չեմ կրնար անտեսել»:
Ան յայտարարեց, որ «նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու պաշտօնական միջոցառումները պիտի կատարուին յառաջիկայ օրերուն»:
Զօր. Սիսի ըսաւ, որ «հայրենիքը կ՛անցնի դժուար պայմաններէ, որոնք ժողովուրդի, բանակի եւ ոստիկանութեան միասնականութիւն կը պահանջեն, որովհետեւ այսպիսի պայմաններու մէջ ոեւէ անձ առանձին չի կրնար երկիրը ոտքի կանգնեցնել»:








All the contents on this site are copyrighted ©.