Հայերէնը՝ Ամերիկայի ամենաշատ օգտագործուող օտար լեզուներու շարքին
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենաշատ
օգտագործուող օտար լեզուներու աղիւսակը, որուն մէջ կայ նաեւ հայերէնը: Ցանկը կազմուած
է 1980 թուականէն ի վեր արձանագրուած ժողովրդագրական տուեալներուն հիման վրայ: Կը նշուի,
որ 1980ին Միացեալ Նահանգներու մէջ, անգլերէնէն բացի, ամենաշատ գործածուող լեզուները
եղած են սպաներէնը, իտալերէնը, ֆրանսերէնը եւ գերմաներէնը, իսկ 2010ին՝ սպաներէնը, չինարէնը,
ֆրանսերէնը, թակալոկը եւ վիեթնամերէնը: Ցանկին մէջ ներառուած են 17 լեզուներ, որոնց
մէջ է հայերէնը, որուն օգտագործումը աճ արձանագրած է 1980էն ի վեր: