2014-03-04 09:10:10

Կարտինալ Թուրքսոն կը մասնակցի ''եկեղեցին եւ մարդու իրաւունքը'' նիւթով միջազգային գիտաժողովին։


Սլովաքիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, երեքշաբթի 4 մարտին, Պրադիսլավիայի մէջ կը կազմակերպէ միջազգային գիտաժողով մը ''եկեղեցին եւ մարդու իրաւունքը'' նիւթին մասին։
Գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ կարտինալ Բիթէր Թուրքսոն` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։ Ան իր կատարելիք միջամտութեան ընթացքին կը խօսի ''Մարդու իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ ըմբռնումով'' նիւթին մասին։ Նշենք որ գիտաժողովին աշխատանքը կը բանան. Գերապայծառ Սդանիզլաւ Զվոլենսքին` նախագահը Սլովաք եպիսկոպոսներու եւ գերապայծառ Մարիօ Ճորտանա Սլովաքիայի մօտ առաքելական դեսպանը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.