2014-03-04 10:53:17

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի կոչը
Ուքրանիոյ խաղաղութեան ի նպաստ։


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` վերապատուելի Օլավ Թվէյթ, երեքշաբթի, 3 մարտին, հրատարակած յատարարութեամբ մը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։
Յայտարարութեան մէջ ան անդրադարձած է, ''ահռելի վտանքներուն որոնք կը սպառնան արդար քաղաքացիներուն'', ու այն կարելիութեան որ ''Ուքրանիոյ տագնապի դառնացումը, միջազգային հասարակութիւնը մատնէ անկարողութեան` հետապնտելու շատ մը համաշխարհային կարեւոր հարցեր։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ տագնապի բոլոր կողմերուն դիմելու երկխօսութեան, որուն ձախողութեան պարագային- ազդարարած է Վերապատուելի Օլավ Թվէյթ - Ուքրանիան կրնայ մատնուիլ աւելի սարսափալից տագնապներու ։
Վերապատուելի Թվէյթ իր կոչը եզրափակած է յորդորելով դիմել աղօթքի, որպէսզի տիրապետէ խոհեմութիւնն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.