2014-03-04 10:42:00

Ապրիլ Քառասնորդացի հոգին
Երբ ողորմութիւն ընես...Երբ աղօթես...Երբ ծոմ պահես ... (Մատթ. 6, 1-18)


RealAudioMP3 Առաքեալներուն գործերուն գիրքը կը ներկայացնէ հաւատացեալները, որոնք ծոմ կը պահէին կարեւոր որոշում առնելէ առաջ. ,Ձեռնադրեցին անոնց երէցներ իւրաքանչիւր Եկեղեցւոյ համար, կատարեցին աղօթքներ հանդերձ պահքով, յանձնեցին զանոնք Տիրոջ, որուն հաւատացեր էինե (Գործք Առաքելոց 14, 23):
Քառասնորդացը անհրաժեշտ շրջան մըն է Զատկուայ մեծ տօնին պատրաստուելու համար՝Աղօթքով, Ծո-մապահութեամբ եւ Ողորմութեամբ. ,Հացի եւ բաժանումով եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ յատկապէս աւելի թշուառներուն հետ: Անոր նպատակն է, աշխարհի վրայ ամէն բան վսեմացնել ու բարձրացնել, մեր աչքերը սեւեռել լոկ Աստուծոյ եւ Անոր սիրելիներուն վրայ: Ան մեզի կ’օգնէ յստակացնելու մեր յարաբերութիւնը Անոր, մենք մեզի եւ մարդոց հետ:
Քառասնորդացի աւանդութիւնը մեզի հասած է Դ. դարէն ու կը հետապնդէր երկու նպատակ.
Ոչ Մկրտեալներուն պատրաստութիւնը՝ ընդունելու համար Մկրտութեան Ս. Խորհուրդը Զատկուայ գիշերը:
Վերանորոգել քրիստոնեայ յանձնառումի խոստումները եւ վերարծարծել հաւատքը՝ հոգեւոր կեանքի երեք սիւներուն վրայ. Աղօթքը, Ծոմապահութիւնը եւ Ողորմութիւնը:
Քառասնորդացը կը սկսի օր մոխրոցով, մոխիրը խաչաձեւ ցանելով հաւատացեալներուն գլխուն վրայ: Ը դարուն, մոխիրը կը խորհրդանշէր հրապարակային ապաշխարութիւնը, որուն հիմը կը գտնենք Հին Կտակարանին մէջ: Ընդունելով մոխիրը՝ մոխրոց օրը, քրիստոնեաներս կը խոստովանինք, թէ մեղաւոր ենք եւ խորհրդանշական կերպով հեռացած Եկեղեցիէն: Այս արարողութիւնը կը յիշեցնէ՝ Աստուծոյ կողմէն, Ադամի եւ Եւայի արտաքսումը դրախտէն, իրենց ուխտին մերժումով: Քրիստոնեաներս կրկին հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք Եկեղեցւոյ հետ՝ Աղօթքի, Ծոմապահութեան եւ Ողորմութեան շրջանէ մը ետք:
Միջին դարուն, Մոխրոց օրը նոր իմաստ մը կը ստանայ։ Մարդկային դիւրաբեկութեան ու կեանքի կարճութեան իմաստը. ,Յիշէ՛, ով մարդ. հող էիր եւ հող պիտի դառնաս: Այսուհանդերձ, սկզբնական իմաստը ի զօրու մնաց: Այրն ու կինը պատկերն են Աստուծմէ հեռացած մարդկային էակին, որ հակառակեցաւ Անոր, մերժեց աստուածային Սէրը, ինչպէս որ ըրին մեր նախահայրերը եւ Անառակ որդին, եւ բռնեց մահուան ճամբան: Սակայն, այս տխուր հեռացումի ուղեւորութեան ընթացքին, մարդը ունի իր նախնական վիճակին վերադառնալու կարելիութիւնը: Ուրեմն, ան հրաւիրուած է վերադառնալու Աստուծոյ, որ բազկատարած անոր կը սպասէ՝ սեղմելու իր հայրական սրտին:
Քառասնորդացի սկզբնաւորութեան, քրիստոնեան հրաւիրուած է վերանորոգելու իր հոգեւոր կեանքի յանձնառումը երեք յենարաններու վրայ.
Աղօթքը
Ան բաժին ունենալու է օրուան բոլոր հանգրուաններուն մէջ: Կեանքը ըլլալու է շարունակական հաղորդակցութիւն Աստուծոյ հետ, օրուան բոլոր րոպէներուն եւ բոլոր գործունէութիւններուն ընթացքին: Այս աղօթքը Աստուծոյ ներկայութեան, կու տայ մեզի ուղղահայեաց որդիական սլացք մը դէպի Անոր, որ է՛ նոյնինքն սրբութիւնը, նաեւ հորիզոնական եղբայրական սլացք մը՝ դէպի համակ մարդկութեան, որ սահմանուած է ապրելու յաւիտենականութեան համար:
Ծոմապահութիւնը
Ծոմապահութիւնը մեծ դեր մը կը խաղայ քրիստոնէական հոգեւորականութեան մէջ: Ան մեզի կը յիշեցնէ, թէ չենք ապրիր ուտելու համար, այլ՝ կ’ուտենք ապրելու յաւիտենականութեան համար: Ան կը հաղորդէ, թէ պատանքը գրպան չունի լեցուելու համար հարստութեամբ, զոր կը դիզենք երկար տանջանքէ ետք եւ զոր կրնանք տանիլ մեզի հետ գերեզման: Ծոմապահութիւնը կ’ազատագրէ մեզ ի զուր դիզելու ու սեփականացնելու մարմաջէն եւ կը քաջալերէ բաժնելու անօթիին ու թշուառին հետ՝ մեր բերանին պատառը: Ծոմապահութիւնն ու աղօթքը մեզի կ’օգնեն ձերբազատուելու նիւթէն, որպէսզի սլանանք Հոգիին կեանքին մէջ, հաղորդակցաբար Հօր Աստուծոյ հետ՝ միութեամբ Միածին Որդիին:
Բազմազան եւ բազմատեսակ ծոմապահութիւններ կարելի են: Ընդհանրապէս հրաժարումն է, որոշ ժամանակի մը համար, այն բաներէն, զորս օգտագործելու իրաւունքն ունինք աւելի կեդրոնանալու համար Աստուծոյ շուրջ: Հեռացնելով մեր ուշադրութիւնը աշխարհէն,ամրապնդելու համար մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ մարդոց հետ՝ սեւեռելով միշտ Քրիստոսը:
Ողորմութիւնը Հացին բաժանումով.
Ողորմութեամբ կ’ընդօրինակենք Աստուծոյ ողորմա-ծութիւնը, յատկապէս աւելի չքաւորներուն հան-դէպ, որոնք իրաւունքն ունին մեր ստացուածքներուն մէջ բաժին ունենալու, մեր ժամանակին, տաղանդին, սիրոյն, ժպիտին, վշտակցութեան, հասկացողութեան, քա-ջալերանքին եւ ներումին (Հայր մեր...):
Քառասնորդացի շրջանը տեսլական շրջան մըն է, զօրացնելու համար մեր հաւատքը Քրիստոնէական հոգեւորականութեան այս երեք յենարաններուն՝ Աղօթքի, Ծոմապահութեան եւ Ողորմութեան շնորհիւ: Սպառումի, սեռային եւ վիժումի անսանց ազատագրումի, ինչպէս նաեւ անձնական կեանքի սխալ ըմբռնումի ընկերութեան մէջ, քառասնորդացը նոր գարուն մըն է հոգիին համար, ժամանակ մըն է վերանորոգումի, խաղաղութեան եւ ուրախութեան. որովհետեւ այն ատեն կը զգանք մենք զմեզ սիրուած ու ընդունուած Աստուծոյ կողմէն, ներում ստացած Իրմէ եւ փրկուած մեր մարմնի ստրկութենէն, ընչաքաղցութենէն, սեռային խոտորումէն, բռնութենէն ու անիրաւութենէն, եւ յարութիւն առած՝ նոր կեանքի, խաղաղութեան, անդորրութեան եւ ներքին բերկրանքի:







All the contents on this site are copyrighted ©.