2014-03-04 08:53:20

ԱՄՆ-ի մէջ կատարուած հարցախոյզի համաձայն աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելին կ՛ուզէ հեռանալ իր Հայրենիքէն։


ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Յոյսի եւ յուսահատութեան համաշխարհային ցուցանիշ» խորագրեալ տարեկան հարցախոյզը անցեալ տարի կատարուած է աշխարհի 65 երկիրներու մէջ. արդիւնքները կը վկայեն, որ աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելին կը փափաքի հեռանալ իր հայրենիքէն։
Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 38 առ հարիւրը ըսած է, որ ո՛չ մէկ տեղ կ՛ուզէ տեղափոխուիլ՝ ընդգծելով թէ ինքզինք երջանիկ կը զգայ միայն իր հայրենիքին մէջ։ Հարցախոյզին մասնակիցները մեծ ցանկութիւն յայտնած են մեկնելու դէպի հետեւեալ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Զուիցերիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Իտալիա, Սէուտական Արաբիա, Սպանիա եւ Պրազիլ։ Հարցախոյզին մասնակիցները նշած են, թէ հայրենիքէն դժգոհ կը մնան գլխաւորաբար բնակիչները այն երկիրներուն, ուր տեղի ունեցած են պատերազմներ, ազգամիջեան տագնապներ, կամ գոյութիւն ունին տնտեսական հարցեր։ Առաւելաբար գաղթելու ցանկութիւն յայտնած են Աֆղանիստանի, Քոսովոյի, Փաքիստանի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ, Չինաստանի, Լեհաստանի ու Մեքսիքայի բնակիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.