2014-03-03 09:06:58

“Մեծ Ութնեակի” եօթը երկիրները Ռուսիոյ դէմ յայտարարութիւն ընդունած են


“Մեծ Ութնեակի” 7 երկիրները համատեղ յայտարարութեամբ քննադատած են Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ որդեգրած դիրքորոշումը եւ յայտարարած են, որ կը դադրեցնեն Յունիսին Սոչիի մէջ կայանալիք “Մեծ ութնեակի” նախապատրաստական աշխատանքները:
Յայտարարութեան տակ ստորագրած են Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճաբոնը եւ Մեծ Բրիտանիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհուրդը եւ Եւրոպական յանձնաժողովը:
Նախապէս իր բողոքը յայտնած էր նաեւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը: Ան կոչ ըրած էր Պաշտօնական Մոսկուային` դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ սպառնալիքները:
Իսկ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցէն ետք նախագահ Վլատիմիր Փութին խօսած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ: Քրեմլի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Փութին ըսած է` Ռուսաստանի ձեռնարկած միջոցառումները հաւասար են Ուքրանիոյ մէջ տիրող արտակարգ իրավիճակին:
Գերմանիոյ վարչապետը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ուքրանիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներու առնչութեամբ: Փութին եւ Մերքել պայմանաւորուած են շարունակել խորհրդակցութիւնները` Ուքրանիոյ իրավիճակի կարգաւորման համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.