2014-03-03 09:20:53

Ռայի Պատրիարքը նախարարաց խորհուրդէն պահանջեց կազմակերպել նախագահական ընտրութիւնը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին յայտնեց արտերկրի լիբանանցիներուն եւ Ֆրանչիսկոս պապին ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը Պքերքէի հրապարակած ազգային նոր փաստաթուղթին եւ կառավարութեան կազմութեան առումով:
Ռայի պատրիարքը պահանջեց շարունակել ուրախալի այս իրականութիւնը` աւարտելով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:
«Կառավարութիւնը պէտք է մոռնայ, որ ինք կարճ տեւողութեան համար կազմուած կառավարութիւն մըն է եւ պէտք է յայտարարել այն ինչ որ պահանջուած է, ինչպէս նաեւ կազմակերպէ նախագահական ընտրութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ կարեւոր չէ տարակարծութիւն ստեղծող հարցերուն լուծումներ գտնել, այլ` պէտք է գործադրել սահմանադրական շարք մը սկզբունքներ, որոնք նախարարաց խորհուրդին համար առաջնահերթ կը նկատուին:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ կառավարութեան որդեգրելիք ընդհանուր քաղաքականութիւնը աշխատանքային ծրագիրին մէջ չէ որ կը նշուի, այլ` կառավարութեան գումարելիք յաջորդ ժողովներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.