2014-03-02 12:27:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Ուքրանիոյ համար։


Կիրակի, 2 մարտ 2014-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ կոչ մը ուղղեց Ուքրանիոյ համար։
''Կը խնդրեմ որ աղօթէք Ուքրանիոյ համար որ տագնապալից պահեր կ՛ապրի տակաւին – ըսաւ Ան, ու աւելցուց - մինչ կը մաղթեմ որ Երկրին բոլոր իշխանութիւնները աշխատին անհասկացողութիւնները յաղթահարել ու գործել Երկրին ապագայի կառուցման ի խնդիր, միջազգային հասարակութեան սրտագին կոչ մը կ՛ուղղեմ որպէսզի նեցուկ կանգնի երկխօսութեան եւ համերաշխութեան բոլոր ձեռնարկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.