2014-03-01 08:59:52

Վրաստանի Վարչապետը կը խոստանայ ընդլայնել նաեւ Ջաւախքի զարգացումը ։


Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Կարիպաշվիլի Ուաշինկթըն իր այցելութեան ընթացքին 25 փետրուարին Ատլանտեան խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքէն ետք, պատասխանելով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Լիլիթ Գասպարեանի անցեալի խտրական վերաբերմունքներուն պատճառով Ջաւախքի տնտեսական վատ պայմաններուն մասին հարցումի մը խոստացաւ Վրաստանի բոլոր շրջանները, ներառեալ` Ջաւախքը հաւասարապէս զարգացնել:
«Մենք բոլոր շրջանները, առանց որեւէ անջատման կամ խտրութեան, զարգացնելու ծրագիր մը ունինք», ըսաւ վարչապետը` աւելցնելով. «Վստահ եղէք, որ Սամցխէ-Ջաւախեթիին հետ որեւէ այլ շրջանի նման կը վարուիմ: Սամցխէ-Ջաւախեթին իմ շրջանս է: Ըսել կ՛ուզեմ, ամբողջ երկիրը իմ շրջանս է: Զայն այլ շրջաններէ չեմ անջատեր»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց Վրաստանի վարչապետին Ջաւախքի եւ Վրաստանի բոլոր շրջաններու տնտեսական զարգացումը առաջնահերթութիւն նկատելը` յոյս յայտնելով, որ «այս դրական յանձնառութիւնը վերածուի շօշափելի քայլերու, ներառեալ` աշխարհի տարածքին հայ համայնքներէն տրամադրուած զարգացման օժանդակութեանց ընդունումը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.