2014-03-01 10:28:37

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Մատթ 6, 1-21


RealAudioMP3 1 “Զգուշացէ՛ք որ ձեր ողորմութիւնը չընէք մարդոց առջեւ` տեսնուելու համար անոնցմէ. այլապէս` վարձատրութիւն չէք ունենար ձեր Հօրմէն, որ երկինքն է:
2 Ուրեմն երբ ողորմութիւն ընես, փող մի՛ հնչեցներ առջեւդ, ինչպէս կեղծաւորները կ'ընեն ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ, որպէսզի փառաւորուին մարդոցմէ: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ'ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
3 Իսկ դո՛ւն` երբ ողորմութիւն ընես` ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ի՛նչ տալը,
4 որպէսզի քու ողորմութիւնդ գաղտնի ըլլայ. եւ քու Հայրդ` որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի”:
5 “Երբ աղօթես` նման մի՛ ըլլար կեղծաւորներուն, որոնք կը սիրեն աղօթել` կայնելով ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները, որպէսզի երեւնան մարդոց: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ'ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
6 Իսկ դո՛ւն` երբ աղօթես` մտի՛ր ներքին սենեակդ, գոցէ՛ դուռդ, եւ աղօթէ՛ Հօրդ` որ գաղտնի [տեղ կը գտնուի]. ու Հայրդ` որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի:
7 Երբ աղօթէք, շատախօս մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որովհետեւ կը կարծեն թէ պիտի *ընդունուին` իրենց շատ խօսելուն համար:
8 Ուրեմն մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ձեր պէտքերը` դեռ դուք չխնդրած իրմէ:
9 Ուստի դուք սա՛պէս աղօթեցէք.
“Հա՛յր մեր` որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ.
10 քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը` նոյնպէս երկրի վրայ:
11 Մեր ամէնօրեայ հացը` մեզի տո՛ւր այսօր.
12 մեզի ներէ՛ մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն.
13 ու մեզ մի՛ տանիր փորձութեան, հապա մեզ ազատէ՛ Չարէն. որովհետեւ քո՛ւկդ են թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեան. ամէն”:
14 Արդարեւ եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի.
15 իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները”:
16 “Երբ ծոմ պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք` կեղծաւորներուն պէս. որովհետեւ իրենց երեսները կը խաթարեն, որպէսզի երեւնան մարդոց` թէ ծոմ կը պահեն: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ'ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
17 Բայց դո՛ւն` երբ ծոմ պահես` օծէ՛ գլուխդ ու լուա՛ երեսդ,
18 որպէսզի չերեւնաս մարդոց` ծոմ պահողի պէս, հապա քու Հօրդ` որ գաղտնի [տեղ կը գտնուի]: Եւ քու Հայրդ` որ կը տեսնէ գաղտնիքը, պիտի հատուցանէ *քեզի”:
19 “Երկրի վրայ գանձեր մի՛ դիզէք ձեզի, ուր ցեցը եւ ժանգը կ'ապականեն, ուր գողերը [պատ] կը ծակեն ու կը գողնան:
20 Հապա երկի՛նքը գանձեր դիզեցէք ձեզի, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ'ապականեն, ու ո՛չ գողերը [պատ] կը ծակեն եւ կը գողնան:
21 Որովհետեւ ձեր գանձը ո՛ւր որ է, ձեր սիրտն ալ հո՛ն պիտի ըլլայ”:







All the contents on this site are copyrighted ©.