2014-03-01 09:12:02

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չի կրնար լուծուիլ զինուորական միջոցներով» ըսաւ Փսաքի։


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնած է. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տագնապին ընթացքին մարդկային ողբերգական կորուստները անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չի կրնար լուծուիլ զինուորական միջոցներով»:
Ան նշած է, որ տագնապին խաղաղ լուծումը պիտի օգնէ շրջանին մէջ կայունութեան ու բարգաւաճման:
Փսաքի աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, պատրաստ են համագործակցելու կողմերուն հետ` խաղաղութեան հաստատման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.