2014-02-28 13:12:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Լատինամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի անդամներուն հետ։


Ուրբաթ, 28 փետրուար, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,30-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը։ Ապա ժամը 11,15-ին` Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12,45-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Լատինամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի անդամներուն, որոնք Հռոմի մէջ այս օրերուն գումարած էին իրենց լինասիտ Ժողովը։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 18,15-ին, Նորին Սրբութիւնը այցելելով Հռոմի Քահանայապետական աւագ նորընծայարանը հանդիպում կ՛ունենայ նորընծայարանի ժառանգաւորներուն հետ։
Լատինամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գնահատեց յանձնախումբի տարած աշխատանքները, դաստիարակչութեան հարկաւորութեան մասին ի սպաս Լատինամերիկայի նոր սերունդին հաւատքի հաղորդումին։
Եկեղեցին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - կ՛ուզէ նմանիլ Յիսուսին ու երիտասարդներուն ցուցաբերած Անոր մօտեցումին։
Միշտ տպաւորուած եղած եմ Յիսուսին հարուստ երիտասարդին հետ ունեցած հանդիպումի դէպքէն, յարեց Քահանայապետը ու խօսքը կեդրոնացուց այդ հանդիպումի երեք երեւոյթներու վրայ` Քրիստոսը որ կ՛ընկալէ երիտասարդը, մտիկ կ՛ընէ անոր ու ապա կը հրաւիրէ զինք հետեւելու Իրեն։
Յիսուս երբ կը հանդիպի երիտասարդին անոր կը նայի գուրգուրանքով եւ սիրով, առանց նախապայմաններու։ Դուք ալ ձեր առօրեային մէջ կը հանդիպիք բազմաթիւ երիտասարդներուն որ շատ անգամ մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին։ Հարկաւոր է առ այդ ուշադիր ըլլալ անոնց կարիքներուն ու զանոնք միայնակ չի թողուլ. Անոնք պէտք ունին որ իրենց արժանապատութիւնը արժեգաւորուած ըլլայ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց երկրորդ երեւոյթին` '' Յիսուս ապա կ՛ունկնդրէ երիտասարդին արտայայտած մտահոգութիւնները առանց որեւէ նախապաշարումի''։ Եկեղեցին ալ նոյնը ընելու է, որպէսզի երիտասարդները Եկեղեցւոյ մէջ իրենք զիրենք զգան որպէս իրենց տան մէջ։ Ոչ միայն պէտք է դռները բանալ այլ պէտք է երթալ ու փնտռել զանոնք, որովհետեւ Եկեղեցին Մայր է եւ չի կրնար անտարբեր մնալ անոնց կարիքներուն։
Իսկ Երրորդ` Յիսուս կը հրաւիրէ երիտասարդը հետեւելու իրեն, ծախելով բոլոր ինչքերը։ Այս հրաւէրը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - իր այժմէականութիւնը չէ կորսնցուցած։ Երիտասարդները պէտք է իմանան թէ Յիսուս հէքիաթի մը դերակատարը չէ, այլ կենդանի անձ մըն է, որ կ՛ուզէ բաժնեկցիլ անոնց կեանքը։ Ասոր համար երիտասարդներուն պէտք է նուիրենք այս նոր հորիզոնը` Յիսուս Քրիստոս ու անոր Աւետարանը որ զիրենք կը խրախուսէ կեանքը դիմագրաւելու հետեւողականութեամբ։ Լատինամերիկայի Եկեղեցին չի կրնար վատնել իր երիտասարդներուն մէջ գտնուող գանձը։
Սիրելի եղբայրներ, ձեզ կը հրաւիրեմ որ այս հարցին մօտենաք մեծ յանձնառումով, յուսախաբ չի լքելու համար նոր սերունդը։ Երիտասարդներ դաստիարակելը, աւետարանել եւ զանոնք առաքեալներ դարձնել` դժուարին գործ մըն է, որ պէտք ունի համբերութեան, սակայն անհրաժէշտ ու հրատարպ է – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց ըսելով` ''Իմ կողմանէս ոջունեցէք բոլոր երիտասարդները ու անոնց ըսէք որ իրենցմէ կը խնդրեմ որ աղօթեն ինծի համար։ Յիսուսը առաջնորդէ ձեր քայլերը ու ձեզ օրհնէ բոլորդ։









All the contents on this site are copyrighted ©.