2014-02-28 13:20:52

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 28 փետրուարի քարոզը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ, 28 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը, խօսեցաւ Սուրբ Պսակի Խորհուրդին գեղեցկութեան մասին, յորդորելով ՝ չդատապարտել անոնք, որոնք սիրոյ մէջ ձախողութեան մատնուած են, մատնանշելով թէ Քրիստոս՝ Եկեղեցւոյ Փեսան է, եւ կարելի չէ հասկանալ մէկը առանց միւսին։
Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ ակնարկելով ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն, հաստատեց թէ Աստուած մարդը ստեղծեց` այր եւ կին, որպէսզի անոնք միասնաբար ընթանան կեանքի ուղեւորութեան մէջ։ Ան ապա մատնանշեց սիրոյ ուղեւորութեան, ընդգծելով ''Քրիստոսի ունեցած սէրը իր հարսին` Եկեղեցւոյ հանդէպ''։
Իր քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը յանձնարարեց ''ուշադիր ըլլալ այդ սէրը ձախողութեան չմատնելու''։







All the contents on this site are copyrighted ©.