2014-02-28 11:01:59

Վերսկսաւ լոյս տեսնել Մասիս շաբաթաթերթը


Կարճատեւ դադարէ մը ետք լոյս տեսաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Մասիս շաբաթաթերթի նոր շրջանի` 66-րդ տարուայ 84-րդ համարը (Պէյրութ, Փետրուար 2014):

Ինչպէս կը նշուի այս առիթով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի շնորհած եւ շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած հայրապետական օրհնութեան գիրին մէջ, Մասիս ընթերցողներուն կը ներկայանայ նոր ձեւաւորումով եւ երիտասարդ աշխատակազմով, «որուն անդամները կոչուած են արժանաւոր յաջորդները ըլլալու թերթի վաստակաշատ խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն»: Արդարեւ, յաջորդելով հանգստեան կոչուած հայր Անդրանիկ ծ. վրդ, Կռանեանին, հրատարակուիլ վերսկսած Մասիսի պատասխանատու խմբագիրի պարտականութիւնները ստանձնած է Զմմառու միաբանութեան երիտասարդ հոգեւորականներէն հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, աջակցութեամբ թերթի երկարամեայ պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեանին, որ կը մնայ նոյն պաշտօնին:

Շաբաթաթերթի այս համարը բացող իր օրհնութեան գիրին մէջ, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք կը շեշտէ, որ Մասիս հայապահպանութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան, հայրենասիրութեան, հայկական արժէքներու եւ ազգանպաստ ու հայրենանպաստ քարոզչութեան ամպիոն մըն է, որմէ պիտի շարունակէ ճառագայթել ճշմարտութիւնը, իբրեւ ազատութեան եւ արդարութեան պաշտպան հզօր եւ անպարտելի զէնք:

Որպէս պատասխանատու խմբագիր իր ստորագրած առաջին գրութեան մէջ, հայր Սեպուհ Կարապետեան ամփոփ արժեւորում մը կը կատարէ Մասիսի անցած աւելի քան վեց տասնամեակներու ճանապարհին եւ կը հաստատէ նորացուած աշխատակազմին յանձնառութիւնը հաւատարիմ մնալու շաբաթաթերթի՝ «որպէս զէն՝ Ճշմարտութիւն» նշանաբանին:

Պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեան այս համարին մէջ հրապարակուած իր յօդուածով լուսարձակի տակ կ'առնէ Հռոմի եկեղեցւոյ պետ Ֆրաչիսկոս Ա. Պապին գործունէութիւնը եւ վեր կը բերէ համաշխարհային բեմահարթակի առաջնային դիրքերուն վրայ անոր կատարած դերակատարութեան յատկանիշները՝ յանուն աւելի ազատ, արդար եւ խաղաղ աշխարհի մը կերտումին:

Շաբաթաթերթի այս համարին մէջ յօդուածներ ունին Շանթ Քեշիշեան, Համբի Էլմաճեան, Խաչիկ կիս. Սրկ. Գույումճեան, Սօսէ Փիլաւճեան, հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան եւ Զաւէն Տիգրանեան եւ Արամ Գ., իւրաքանչիւրը իրեն համապատասխան՝ հայ ազգային-եկեղեցական, շրջանային, լիբանանեան եւ միութենական խնդիրներու մասին, մինչ գրախօսականներ ստորագրած են հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան եւ հայր Գէորգ թ. ծ. վրդ. Եղիայեան: Շաբաթաթերթի այս համարին մէջ զգալի տեղ կը գրաւեն անցած ամիսներուն Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնները՝ եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւններուն մասին:







All the contents on this site are copyrighted ©.