2014-02-28 10:24:53

Մինչ Ուքրանիոյ նոր Վարչապետ կը նշանակուի՝ Խրիմի մէջ պետական շէնքեր կը գրաւուին


ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 27ին, տասնեակներով զինեալներ գրաւած են հարաւային Ուքրանիոյ Խրիմ թերակղզիի կառավարութեան եւ խորհրդարանի շէնքերը: Խորհրդարանի շէնքին վրայ ռուսական դրօշակ սկսած է ծածանելու:
Գրեթէ նոյն միջոցին, Քիեւի մէջ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւնները նոր վարչապետ նշանակեցին Արսէնի Եացենիուքը: Չորեքշաբթի գիշեր, Ուքրանիոյ նոր կառավարութիւնը ներկայացուած էր Քիեւի գլխաւոր հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն եւ Եացենիուք՝ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած: Նոր վարչապետը Հինգշաբթի օր կրցաւ խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէ ապահովել:
Մասնատուելու վտանգը դիմագրաւող Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններուն հակառակորդները եւ Քիեւի նեցուկ կանգնող թաթարները կը շարունակեն իրարու դէմ ցոյցեր կատարել Խրիմի մէջ, որուն բնակչութեան մեծ մասը ռուսական ծագում ունի եւ ուր հաստատուած է ռուսական ծովուժի խարիսխ մը:
Չորեքշաբթի օր, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան հրամայած է արեւմտեան եւ կեդրոնական Ռուսիոյ զինուորական շրջաններու զօրքերուն եւ քանի մը մարտական միաւորներու մարտական պատրաստուածութեան համապարփակ ստուգում կատարել: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու ըսած է, որ «անսպասելի տագնապին իբրեւ արդիւնք»՝ պատրաստ վիճակի բերուած են նշեալ ուժերը, ինչ որ մտահոգութիւն յառաջացուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ Մոսկուա պէտք է առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերէ եւ միջամուխ չըլլայ Ուքրանիոյ ներքին հարցերուն:
Այս իրադարձութիւններէն մտահոգ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւնները եւս արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրած են Ուքրանիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպանը՝ իրենց մտահոգութիւնները փոխանցելով անոր:
Մինչ այդ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ իշխանութենէն հեռացուած նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ապաստանած է Ռուսիա, ուրկէ խստօրէն դատապարտած է Քիեւի իրադարձութիւնները՝ զանոնք «ապօրինի» որակելով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԵԱՀԿին կոչ ուղղեց դատապարտելու արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ «ազգայնական եւ նոր ֆաշական» զգացումը եւ «ռուսերէնը արգիլելու, ռուսախօս բնակչութիւնը «ոչ քաղաքացիի» վերածելու ու խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու կոչերը»:
Մինչ այդ, ըստ ուքրանական «Քորեսփոնտընթ» կայքին վրայ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներուն, մասնակիցներուն 18.6 առ հարիւրին կարծիքով՝ Ուքրանիոյ նախագահ պիտի դառնայ ընդդիմութեան յայտնի դէմքերէն բռնցքամարտիկ Վիթալի Քլիչքօն, իսկ երկրորդ դիրքի վրայ է նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքօն՝ 12.1 առ հարիւրով:







All the contents on this site are copyrighted ©.