2014-02-28 10:28:16

Ընտանեկան կեանքի դժուարութիւնները


RealAudioMP3 Ներկայ մեր դարուն, քաղաքական յեղաշրջումներուն, տնտեսական տագնապներուն եւ ընկերային անկայուն պայմաններուն հետեւանքով, ընտանեկան կեանքը ենթակայ դարձած է բազմապիսի դժուարութիւններու, որոնք կրնան ոչ միայն թունաւորել ընտենական բոյնին համերաշխ եւ անդորր մթնոլորտը, այլ խախտել նաեւ ամուսնական ամուր կառոյցը:
Ս. Պսակի արարողութեան ընթացքին, փեսային ու հարսին հաւանութիւնը առնելէ առաջ, պսակիչ եկեղեցականը անոնց կը յիշեցնէ, թէ աշխարհի մէջ զանազան փորձանքներ կան, հիւանդութիւն, աղքատութիւն եւ ուրիշ նեղութիւններ: Ս. Եկեղեցին, ամուսնութեան առաջին օրէն իսկ, կը հրաւիրէ նորապսակեալները իրապաշտ ըլլալու եւ սուրբ Խորհուրդի շնորհքով զօրացած` դիմակալելու իրենց նոր կեանքի հետ առընչուած դժուարութիւնները:
Բացի այս արտաքին փորձանքներէն, ամուսնական կեանքը ունի նաեւ իր ներքին անհասկացողութիւնները, կեանքի մերթ ուրախ, մերթ տխուր ելեւէջները:
Որքան հեշտ կատարուի մարմիններուն միութիւնը, ըստ Աստուծոյ խոստումին` երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան, նոյնքան դժուար, չըսելու համար` անհնարին պիտի ըլլայ իրագործել հոգիներու միութիւնը, եթէ իւրաքանչիւրը կարչած մնայ իր տեսակէտին, գաղափարին, ըմբռնումին, իր անձնականութեան, մէկ խօսքով` իր «ես»ին:
Երբ «ես»ը իշխէ ընտանեկան յարկէ մը ներս, հոն ծնունդ կ՛առնեն ջղագրգռութիւնը. գժտութիւններն ու կռիւներն, որոնք կը թունաւորէն ընտանեկան մթնոլորտը: Առանց փոխադարձ զիջողութեան, սէրը կը նուազի եւ կեանքի սիրալիր յարաբերութիւնը կը տկարանայ:
Անպարտաճանաչ եւ դասալիք ծնողները երբեք չեն կրնար երեւակայել, թէ զաւակները, որքան պէտք ունին իրենց ներկայութեան, խնամքին, գուրգուրանքին, սիրոյն եւ առաջնորդութեան: Տարուած եսասէր ըմբռնումներէ` անոնք չեն կրնար երեւակայել, թէ որքան վնաս կը պատճառեն ոչ միայն իրենց ընտանիքին, այլ նաեւ ընկերութեան: Հակառակ քաղաքական օրէնքներու տրամադրութեան` մարդոց հնարամտութիւններուն յառաջդիմութեան անունով խախտելու ընտանիքին կառոյցը, հաւատացեալներուն համար Աստուծոյ օրէնքը կը մնայ ամէն բանէ վեր: Ամուսնութիւնը կոչում մըն է նուիրական, եւ կոչումը կը պահանջէ հաւատարմութիւն եւ յարատեւութիւն, նոյնիսկ դժուարութեան մէջ:
Ընտանեկան կառոյցին պաշտպանը, այսինքն Եկեղեցին, երբ ամուսինները կը յորդորէ հաւատարմութեան, զոհողութեան, անձնանուիրումի հոգիին, գիտէ նաեւ, թէ այս առաքինութիւնները որքան գերբնական ույժի կը կարօտի, որպէսզի ծաղկին ընտանեկան յարկէն ներս` մարդկային տկարութեան պատճառով: Այդ գերբնական ոյժը կը տրուի ամուսիններուն սուրբ պսակի Խորհուրդին միջոցաւ: Ընտանիքի բոլոր անդամները թող անսահման վստահութեամբ դիմեն Աստուծոյ, որ չի փորձեր մարդը իր ուժերէն վեր եւ կու տայ առատօրէն իր պարգեւներ, որպէսզի անոնք յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, ապրին խաղաղ եւ անդորր այս աշխարհին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.