2014-02-27 14:43:17

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Երկիր Առաքելական ճամբորդութեան յատուկ կայքէջը


Ի տես, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, յառաջիկայ 24-26 մայիսին, Յորդանան, Իսրայել եւ Պաղեստին, կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան,
Հինգշաբթի, 27 փետրուարին, լոյս տեսաւ 7 լեզուներէ բաղկացած, եւ ճամբորդութեան նուիրուած կայքէջը, հետեւեալ հասցէին` ։
Կայքէջը պատրաստուած է նախաձեռնութեամբ Սուրբ երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսական դասին։
Վերոյիշեալ կայքին սկզբնական էջը կը բովանդակէ , 1964 թուականին երուսաղէմի մէջ կայացած` Պօղոս Զ Քահանայապետին եւ Աթէնակորա Պատրիարքին հետ պատմական լուսանկարը, ինչպէս նաեւ, 2013 թուականին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքին լուսանկարը։
Կայքէջին զանազան բաժանմունքներուն մէջ կը գտնենք տեղեկութիւններ՝ ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Երկիր առաքելական ճամբորդութեան նպատակին վերաբերեալ , Պօղոս Զ երջանկայիշատակ քահանայապետին Երուսաղէմ այցելութեան 50 ամեակին առթիւ տուեալներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի մէջ բնակող քրիստոնեաներու վերաբերեալ՝ տեղեկութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.