2014-02-27 09:50:30

Նորահրաշ՝ Ս. Վարդանանց շարական


Հայաստանեայց եկեղեցին այս տարի Փետրուար 27-ին կը տօնէ Վարդանանց պատերազմի յիշատակը: Պատերազմի պատմականն ու իրողութիւնները բոլորին ծանօթ են: Պարսիկներու Յազկերտ թագաւորին ուղղուած պատասխան-նամակին հետեւեալ եզրափակումը ազդու եւ գեղեցիկ ոճով կ’ամփոփէ կացութիւնը:
«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք չի՛ կրնար խախտել, ոչ հրեշտակները եւ ոչ մարդիկ, ոչ սուրը եւ ոչ հուրը, ոչ ջուրը եւ ոչ ալ ոեւէ այլ դառն հարուած...»: Ազգայնակրօնական բնոյթ ունեցող այս տօնը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ամենէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող տօներէն մէկն է, որուն հերոս-զօրավարները, իրենց յանձն առած զոհողութիւններուն եւ անխախտ հաւատքին ու յանդգնութեան շնորհիւ սուրբերու կարգին անցած են, եւ այլ սուրբերու նման, անոնց փառքը հիւսուած է շարականներու միջոցաւ:
Սրբոցն Վարդանանցի շարականներէն ամենէն աւելի ծանօթն է «Նորահրաշ պսակաւոր»ը: Ան Սբ. Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութիւններէն մէկն է, որ Վարդանանց կանոնի «Օրհնութիւն»ն է: Այլ խօսքով, Վարդանանցի տօնի առաւօտեան ժամերգութեան գլխաւոր, կեդրոնական շարականն է եւ առաջին կարգին երգուողը:
Նորահրաշ՝ Ս. Վարդանանց շարական Գիտէի՞ր թէ «Նորահրաշ պսակաւոր» շարականը բաղկացած է տասը (10) տուներէ եւ ան ծայրակապն է «Ներսէսի Երգ»-ին: Այսինքն եթէ այս շարականի տասը տուներու առաջին տողերէն իւրաքանչիւրին առաջին գիրերը առնելով քով-քովի զետեղենք, կը կարդանք «Ներսէսի Երգ» խօսքը: Ահաւասիկ 10 տուներու սկիզբները:
Նորահրաշ պսակաւոր և զօրագլուխ առաքինեաց,
Երկնաւոր թագաւորին զինու յաղթեալ պատերազմին,
Րենական լուսով լցեալ արիացեալն քաջն Արտակ,
Սրբափայլ զգեստուք պճնեալք ի յերկնաւոր հանդիսադրէն,
Էական բարւոյն դիտմամբ ընդդէմ մեղացն վառեցաւ,
Ստացեալ զհաւատոյ վահան յուսոյն զրահիւք ծածկեալ,
Իհոտ անոյշ ողջակիզեալ մատուցանէր զինքն նուէր,
Երկոքումբք հարազատովք ընտրելագոյն նահատակօք,
Րամկական խումբ հազարաց եւ երեսնից թիւ ընդ վեցից,
Գոհութեամբ փառատրութիւն Երրորդութեանդ նուագեմք,...:








All the contents on this site are copyrighted ©.