2014-02-27 10:06:33

Նախագահ Սարգսեան կը նշէ թէ«Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ ոչինչ փոխուած է»


Չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը. ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Վանկելիս Մէյմարաքիսը:
Հանդիպումի ընթացքին, Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ դարերու խորքէն եկող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու` ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած ամուր բարեկամութիւնը մեծ ապագայ ունի:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկկողմանի քաղաքական երկխօսութիւնը յառաջ մղելու գործին մէջ` դրական գնահատելով Հայաստանի եւ Յունաստանի խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած բարեկամութեան խումբերի գործունէութիւնը: Կողմերը շեշտեցին, որ օրէնսդիր մարմիններու միջեւ սերտ գործակցութիւնը կրնայ մեծապէս օգտակար դառնալ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման գործին մէջ:
Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Խօսելով անոնց հեռանկարին մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւններուն մէջ ոչինչ փոխուած է. նախորդ տարուան նոյեմբերին Վիլնիւսի վեհաժողովին ընթացքին Հայաստան հաստատեց Եւրոպական Միութեան հետ սերտ համագործակցութիւն զարգացնելու յանձնառութիւնը: Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին հաւանութեան արժանացաւ «Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2014-2015 թուականներու նախաձեռնութիւններու ցանկի նախագիծը, եւ հետագայ գործակցութեան խորացման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքները կը շարունակուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.