2014-02-27 12:23:33

''Գայթակղութիւնը կը սպաննէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր 27 փետրուարի քարոզին մէջ։


''Անհետեւողականօրէն ապրող քրիստոնեան գայթակղութիւն կը պատճառէ ու գայթակղութիւնը կը սպաննէ''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հինգշաբթի առաւօտեան մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Դրոշմի խորհուրդին վրայ որ ''կը յայտնէ անհատի մը քրիստոնեայ դառնալու կամքը''։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ վկայել Յիսուս Քրիստոսը, հետեւողական ապրումով եւ 'այն քրիստոնեանե որ անհետեւողական կերպով կ՛ապրի մեծ չարիք կը հասցնգ ու գայթակղութիւն կը պատճառէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ շեշտեց ''Յիսուս կը դատապարտէ գայթակղութիւնը` « Ո՛վ որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը ՝ որ ինծի կը հաւատայ , աւելի լաւ պիտի ըլլար ՝ որ ջաղացքի քար մը կախուէր անոր վիզէն , եւ ծովը նետուէր'' :
Ասոր համար – յարեց Նորին Սրբութիւնը – պէտք ենք աղօթել, որովհետեւ Քրիստոնէական հետեւողական ապրումը աղօթքի կարիք ունի։ Այդ ապրումը շնորհք մըն է որ պէտք ենք խնդրել Աստուծմէ` ''Տէր ըրէ որ ես ապրիմ հետեւողականութեամբ եւ գայթակղութեան առիթ չ՛ըլլամ։ Ըրէ որ ես ապրիմ որպէս քրիստոնեայ, մտածեմ ու գործեմ քրիստոնեայի նման''։ Իսկ երբ մեղքի մէջ իյնանք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – գաւութիւն խնդրենք Աստուծմէ, որովհետեւ Ան երբեք չի հոգնիր մեզ ներելէ։ Խոնարհութիւնն ունենանք ներում խնդրելու` ''Տէր ներէ` մեղանչեցի''։
''Յառաջ ընթանանք քրիստոնէական հետեւողականութեամբ, վկայելով Քրիստոսի մէջ ունեցած մեր հաւատքը, նման անոր որ գիտակից է թէ մեղաւոր է սակայն քաջութիւնն ունի ներում հայցելու'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.