2014-02-27 12:23:03

՛՛Վարդանանց ոգիով ու յանձնառութեամբ պէտք է տէր կանգնինք մեր ժողուվուրդի իրաւունքներուն`` Արամ Ա. Կաթողիկոս


RealAudioMP3 Այս բառերով Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանէն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով: Վեհափառ Հայրապետը մէջբերումներ կատարելով Եղիշէ Պատմիչին Վարդանանց նուիրուած գրքէն, յիշեցուց Վարդանանց պատերազմը կանխող պայմանները Հայաստանէն ներս` երբ հայ ժողովուրդի հաւատքը ու հայրենիքը դարձած էին խնդրոյ առարկայ: Այս կացութեան դիմաց, հայ ժողովուրդը միահամուռ կամքով ու հաւատքով դէմ կեցաւ թշնամիին ու պաշտպանեց իր հաւատքն ու հայրենիքը: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց թէ` ՛՛հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է ու այդ մէկ ամբողջութեան մէջ անքակտելիօրէն միացած է հաւատքն ու հայրենիքը: Ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը գիտցաւ պաշտպանել իր գերագոյն արժէքներն ու իրաւունքները: Այսպէս եղած է մեր պատմութիւնը: Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը առաջնորդած են մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներու Վարդաններն ու Ղեւոնդները``:
Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ` ՛՛Այսօր եւս մեր հաւատքի, հայրենիքի ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեր ժողովուրդը կը մղէ նոր իմն Աւարայրեան ճակատամարտներու: Մեր հայրենիքը այսօր լուրջ տագնապներու դիմաց է: Հայրենի ժողովուրդը կը հեռանայ մեր պապերու քրտինքով ու արիւնով շաղախուած ու պաշտպանուած հողերէն: Տնտեսական տագնապը լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը դնէ մեր ժողովուրդը: Հայաստանը շրջապատուած կը մնայ թշնամիներով: Միւս կողմէ մեր քրիստոնէական հաւատքը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ մնայուն կերպով ենթակայ է փորձութիւններու: Մեր ժողովուրդի իրաւունքները տակաւին կը մնան ոտնակոխուած: Այս վտանգալից կացութեան դիմաց, մեր ժողովուրդը կոչուած է Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նո՛յն հաւատարմութեամբ պայքարիլ: Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց նշումը
հրաւէր մըն է իւրաքանչիւր հայու վերանորոգելու իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը` գործնապէս մասնակից դառնալու հայութեան հաւաքական պայքարին``:







All the contents on this site are copyrighted ©.