2014-02-26 10:56:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Հիւանդաց Օծումը''։


Չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Շարունակելով Սուրբ Խորհուրդներու մասին խորհրդածութիւնները, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ''Հիւանդաց Օծումի'' խորհուրդի վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Ան – այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ Հիւանդաց Օծումի մասին որ մեզի թոյլ կու տայ մօտէն ճանչնալու Աստուծոյ գթութիւնը հանդէպ մարդուն։ Քահանայապետը ապա ակնարկեց ''Հիւանդաց օծումի'' նշանակութեան մասին որ ժամանակին կոչուած էր ''Վերջին Օծում''։ Հիւանդաց օծումը այն խորհուրդն է որ հոգեւոր առողջութիւն կամ ոյժ կու տայ եւ երբեմն ալ մարմնական առողջութիւն` այն անձերուն, որոնք մահուան վտանգի մէջ են, հիւանդութեամբ, արկածով կամ ծերութեամբ։
Յիսուս իր աշակերտներէն խնդրեց որ նախապատուութիւն շնորհեն հիւանդներուն եւ տառապողներուն, անոնց փոխանցելով կարողութիւնը, խորհուրդի շնորհքով, հիւանդներուն եւ տառապողներուն, իր անունով եւ իր սրտի կամքին համաձայն, պարգեւելու` խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն։
Այսօր եւս` ամէն անգամ որ այս խորհուրդը կը մատակարարենք, Յիսուս քահանայաին միջոցաւ, կը մօտենայ տառապեալին, ծերունիին կամ ծանր հիւանդին – ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ` ''Այսպէսով հիւանդութեան փորձառութեան ընթացքին մենք միայնակ չենք։ Ամբողջ հասարակութիւնը ներկայ է իր եղբայրական աղօթքով եւ նոյնինքն Յիսուսն է որ մեզի իր ձեռքը կ՛երկարէ ու մեզի կը յիշեցնէ թէ ոչ մի բան եւ ոչ մէկը կարող է մեզ Իրմէ բաժնել։
Հիւանդաց Օծումի մասին կատարած խորհրդածութեան աւարտին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները որոնց շարքին էին նաեւ` Սինյիս գործակալութեան համաշխարհային հաւաքի մասնկցող կաթողիկէ լրագրողները։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն, վերյիշելով որ վաղը պիտի տօնախմբուի Ցաւագին Տիրամօր Սուրբ Գաբրիէլի տօնը։ ''Սիրելի երիտասարդներ, թող անոր օրինակը ձեզ օգնէ ըլլալու Յիսուսի խանդավառ աշակերտներ – ըսաւ Սրբազան հայրը։ Ձեզ` սիրելի հիւանդներ, քաջալերէ ձեր ցաւերը նուիրելու Քրիստոսի ցաւերուն միանալով, ու ձեզ` սիրելի նորապսակեալներ խթանէ Աւետարանը դարձնելու ձեր ամուսնական կեանքի սկզբունք։
Յայտնենք որ ''հազուագիւտ հիւանդութիւններու 7-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ'' Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, յատուկ հանդիպում ունեցաւ, այս առթիւ Վատիկան ժամանած, հազուագիւտ հիւանդութիւններէ տառապող խումբ մը հիւանդներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.