2014-02-26 08:58:29

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ


RealAudioMP3 Գո՞ղն ալ կ՛աղօթէ ...
Ով որ իր սեփականութիւնը չեղող ամէն ինչ կը ջանայ իրեն սեփական նկատել, ու միջոցները գտնելով, կը յափշտակէ զայն կրնանք զինք կոչել Գող կամ Աւազակ:
Աւազակը, իր ամէն երանգներով՝ խճողուած շուկային մէջ կամ հանրակառքէն ներս շրջող քսակահատէն սկսեալ մինչեւ դրամատնային համակարգիչներու հաշուետոմարները պրպտող համացանցային նենգ մասնագէտը, անկասկած մաս չեն կազմեր մարդկային ընկերութիւնը իր բարձրութեան վրայ պահող պարկեշտներու խմբակին: Ինչքա՜ն ողբալի է, որ այդ խմբակին պատկանողներուն թիւը այսինքն՝ պարկեշտներու թիւը, օրըստօրէ նուազում կ՛արձանագրէ։ Այդ դասարանին մէջ ըլլալով ամէնքս, ու մանաւանդ ամօթի վարագոյրը վերուստ ի վայր պատռուած ըլլալով շատերու դէմքին, պարկեշտութիւնը կը հալածենք մեր քաղաքներէն ու երկիրներէն, անապատի աքսորական դարձնելով զայն:
Երկար տարիներով իրարու բարեկամ եղած ու նոյնիսկ գործի ասպարէզին մէջ իրարու նեցուկ կանգնելով յաջողութեան հասած անձեր, փոխադարձ երախտագիտութիւնը անգամ մոռնալով, անպարկեշտ ու անհաւատարիմ կեցուածք կը ցուցաբերեն իրարու նկատմամբ:
Անցնող սերունդները անպայման սրբակենցաղ չէին այս իմաստով: Չէ՛ եղած ժամանակ, մարդկային ցեղի պատմութեան մէջ, երբ աշխարհի բոլոր բնակիչները իրարու նկատմամբ համերաշխութիւն ցուցաբերած ըլլան: Աստուածաշնչային ցանկալի կացութիւնը, երբ գայլն ու գառը միասին պիտի ճարակին, դեռ չէ՛ եղած աշխարհի մէջ: Սակայն, այդ ժամանակաշրջանի անհաւատարմութիւններն ու անպարկեշտութիւնները վարագուրող ու մարդկային կիսաքաղաքակիրթ բնաւորութեանց տգեղութիւնները պարուրող շղարշը՝ ամօթխածութիւնն էր: Ինչպէս որ լռութիւնը չափազանց զօրութեան նշան է միաժամանակ, այնպէս ալ ամօթխածութիւնը պարկեշտութեան հոմանիշ է, ու համեստութեան գերազանց արտայայտութիւն:
Գիտակից ամօթխածութիւնը, որ պարկեշտութեան կ՛առաջնորդէ մարդը, ուրիշին ստացուածքին ու կեանքին չձեռնելու զգուշաւորութիւնը կը սորվեցնէ նաեւ: Այն ինչ որ ես չեմ ցանած, չեմ կրնար եւ իրաւունքը չունիմ հնձելու, եթէ զայն ցանող մշակը չ՛արտօնէ ինծի դպչիլ անոր: Գողը միայն ոսկի կամ թանկարժէք իրեր ու դրամ գողցողը չէ: Գողերու տեսակ կայ, որ կրնայ նաեւ նկարագիրդ գողնալ, որդեգրել այն ինչ որ իրեն չի՛ վայելեր:
Կայ նաեւ գողերու տեսակ մը որ գիշեր ատեն, իր ՜՜գործին՝՝ սկսելէ առաջ, ծունկի եկած կ՛աղօթէ Աստուծոյ, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի իր ծրագրածը, ու անվտանգ անցնի այդ գիշերուան իր կատարելիք աւազակութիւնը…:
Ուրեմն, Գո՞ղն ալ կ՛աղօթէ, կը հարցնէր այս պատմութիւնը լսող միամիտը:
_ Այո՛, գո՛ղն ալ կ՛աղօթէ, բայց անոր աղօթածը աղօթք չէ՛ եւ լսելի չի՛ դառնար Աստուծոյ: Արարածներուն Արարիչը եթէ որոշ անձերու շնորհք տուած է պարկեշտ ականջներ ունենալու, կը նշանակէ թէ Ինք ամէնէն առաջ ունի այդ բնութեամբ ականջներ: Անոր ախորժելի չեն ըլլար մարդկութեան համերաշխութիւնը քայքայող, ու անոնց միջեւ իրաւական համահաւասար կշիռքը խախտող յափշտակութեանց ծրագիրները: Եթէ կը ճանչնաք նման գողեր, լաւագոյնը պիտի ըլլար խրատել զանոնք, որ ետ կենան ո՛չ միայն իրենց անիմաստ «աղօթքէն», այլ մանաւանդ ուրիշին վաստակով հարստանալու յիմար ձգտումէն: Իւրաքանչիւր մարդ մէկ պատառ հաց ունի ուտելիք այս կեանքին մէջ, որ զինք կրնայ կշտացնել աւելիով…:








All the contents on this site are copyrighted ©.