2014-02-26 09:38:42

''Դամասկոս իւրայատկութիւն մը ունի ՝անիկա պահպանած է թէ՛ իսլամական եւ թէ՛ քրիստոնէական ժառանգութիւնը'' Ըսաւ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ Պաաս կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ներկայ տագնապին ընթացքին մայրաքաղաք Դամասկոսի կանգուն մնալը պատճառ դարձաւ, որ ամբողջ երկիրը չտապալի»:
Ան ըսաւ, որ Պաաս կուսակցութիւնը դասալքութիւններէն ետք աւելի զօրացած է եւ ներկայ հանգրուանը ինքնամաքրման հանգրուան մը եղած է:
Ան ըսաւ, որ Դամասկոս աշխարհի այլ մայրաքաղաքներէն տարբեր է եւ իւրայատկութիւն մը ունի` անիկա պահպանած է թէ՛ իսլամական եւ թէ՛ քրիստոնէական ժառանգութիւնը:
Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ «ներկայ տագնապը ծայրայեղականութեան որջեր յառաջացուց եւ նոյն ատեն քաղաքական իսլամութիւնը տապալեց»:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Կլոպըլ Ռիշըրչ» կայքին, հաղորդեց, որ ըստ տեղեկութեանց, Սուրիական ազատ բանակի նոր հրամանատար Ապտալլա Պաշիր Նուհէյմի Իսրայէլի մէջ պատրաստուած եւ մարզուած է:
Օրաթերթը նշեց, որ Պաշիր անցեալ տարի Իսրայէլի մէջ դարմանումի ենթարկուած է, երբ Սուրիոյ բանակին հետ բախումի մը ընթացքին վիրաւորուած է: Օրին վիրաւորուիլը, մահանալը եւ Տարաայի մէջ թաղուիլը յայտարարուած է` Իսրայէլի մէջ անոր գտնուիլը ծածկելու համար, սակայն Սուրիական ազատ բանակի բարձրագոյն սպայակոյտը քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ զօր. Սալիմ Իտրիս պաշտօնազրկուած է եւ անոր տեղ Պաշիրը նշանակուած է:
Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի ՏԱՀԵՇ-ին 5 օրուան պայմանաժամ տուաւ սանձարձակութիւնները դադրեցնելու եւ իսլամական օրէնքին յարելու: Ան յայտարարեց մահը Ապու Խալետ Սուրիի, որ Քայիտայի նախկին անդամ, Ուսամա պըն Լատենի եւ Զարքաուիի գործընկերն էր, Զաուահիրիի դեսպանը: Ան երկու օր առաջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպաննուած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.