2014-02-26 09:43:32

Գանատայ նամակատունը ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթ կը հրապարակէ։


ՀՕՄ-ի Հարիւրամեակի նշումի իր նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը յաջողեցաւ համագործակցութիւն մը ստեղծել Գանատայի Նամակատան հետ, միութեան Հարիւրամեակը խորհրդանշող դրոշմաթուղթ մը լոյս ընծայելու:
Դրոշմաթուղթը լոյս տեսած է տաս հազար տպաքանակով եւ կարելի է զայն ձեռք ձգել ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութենէն:
Դրոշմաթուղթի հրապարակման անդրադառնալով, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Աննա Պուլկարեանը ընդգծեց, թէ «կը հաւատանք, որ այս դրոշմաթուղթի շրջագայութիւնը պիտի նպաստէ հարիւրամեայ մեր մեծ կազմակերպութեան քարոզչութեան ու մեր շրջապատին անոր ծանօթացման»:








All the contents on this site are copyrighted ©.