2014-02-26 09:39:25

«Անջատողականութիւնը լուրջ վտանգ մըն է » ըսաւ Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահը


Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին անջատողականութեան վտանգէն զգուշացուց: Ան ըսաւ, որ իրաւապահ մարմիններուն հետ պիտի քննարկէ մեծաթիւ ռուսերով բնակուած շրջաններու մէջ անջատողականութեան վտանգին մասին` աւելցնելով, որ անջատողականութիւնը «լուրջ վտանգ» մըն է:
Մինչ այդ, ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւնը յետաձգուեցաւ հինգշաբթի օրուան:
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի, եւրասիական համարկման եւ համերկրացիներու հետ կապերու հարցերով յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի յայտարարած է, որ Ռուսիա կ՛ուզէ պահպանել Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն Ռուսիոյ միանալու մասին Խրիմի որոշումին պարագային պատրաստ է այդ որոշումը քննարկելու: «Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ իրավիճակին գծով մեր դիրքորոշման, ընդհանուր առմամբ մենք կ՛ուզենք պահպանել Ուքրանիոյ ամբողջականութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ այսօր ատիկա կարելի է… Երկիրը կարելի պիտի ըլլայ պահպանել», ըսած է ան եւ ընդգծած. «Մենք պիտի ուսումնասիրենք այդ իրավիճակը, եւ հաւանաբար, զայն կ՛ուսումնասիրենք բաւական արագ… Հաւանաբար, մենք պիտի կարենանք միասին ատիկա իրականացնելու իրական քայլեր գտնել»:







All the contents on this site are copyrighted ©.