2014-02-25 09:52:38

Քաչիա կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ շրջանի կայունութիւնը ապահովող համախոհութեան


Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քաչիա յայտնեց, որ ինք իբրեւ Լիբանանի մէջ դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ շնորհաւորած է Պասիլը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը ողջունելի է` նկատի ունենալով Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող զգայուն կացութիւնը:
«Միջազգային առումով այս հանգրուանը առիթ մըն է, որուն ընթացքին կարելի է յանգիլ համախոհութեան մը` Լիբանանն ու ամբողջ շրջանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու համար», ըսաւ Քաչիա:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ շրջանի կայունութիւնը ապահովող համախոհութեան:
Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քաչիա յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը 24-26 մայիս շրջան պիտի այցելէ այնպիսի շրջապտոյտով մը, որուն մաս կը կազմեն Օմանը, Բեթղեհէմը եւ ընդհանրապէս պաղեստինեան հողերը, «սակայն Լիբանանը ցարդ մաս չի կազմեր այդ շրջապտոյտին», ըսաւ Քաչիա:







All the contents on this site are copyrighted ©.