2014-02-25 08:55:57

ՅԻՍՈՒՍ՝ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ԲԺԻՇԿԸ


RealAudioMP3 Յիսուս անկէ իջաւ Գալիլիոյ ծովեզրքը, լեռ բարձրացաւ ու նստաւ: Մարդիկ մեծ բազմութեամբ եկան իրեն, իրենց հետ բերելով կաղեր, կոյրեր, հաշմանդամներ, համրեր եւ այլ հիւանդներ՝ զորս ձգեցին Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ բժշկեց զանոնք: Մարդիկ ի տես համրերուն որ կը խօսէին, հաշմանդամներուն որ կ'առողջանային, կաղերուն որ կը քալէին, կոյրերուն որ կը տեսնէին, կը սքանչանային եւ փառք կու տային Իսրայէլի Աստուծոյ: (Մաթ. 15մ 29-31)

Մեր մարդկային սկզբնական մեղքէն ի վեր որով մարդը անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ հրահանգին եւ որուն հետեւանքով ան կտրեց իր ներդաշնակութիւնը որ ունէր իր ստեղծագործ Հօր հետ: Դժբախտաբար մարդս սերմանեց այս յարաբերութիւնը իր ստեղծողին հետ եւ ունեցաւ դժուար ճամբայ մը կեանքին որ լեցուած է թակարդներներով եւ չարչարանքներով:
Մարդս փնտռտուքի մէջ կը գտնուի. իր կեանքին համար ան նախ կը կարօտի օգնութեան մը, մխիթարութեան մը այն տխուր եւ չար աշխարհը դիմադրելու համար որ կը գտնուի թէ աշխարհիս զանազան տեղերու մէջ եւ թէ իր անձնական պայքարներու դէմ որ զինք կը մղէ չարիքին դէմ:
Այս հասկացողութեամբ է որ մենք կրնանք հասկնալ ստեղծագործութեան խորհուրդին իսկական իմաստը, մարդու որդիին աշխարհ գալու խորհուրդին որ լուսաւորուած է Յիսուսի կեանքով ինչպէս որ Աւետարանը մեզ կը պատմէ:
Այսօրուայ Աւետարանի հատուածին մէջ, մենք կը դիտենք թէ ինչպէս Յիսուսը լիճին դիմաց նստաց՝ կը նայի այդ խուռներամ բազմութեան, հիւանդ եւ հաշմանդամ, որոնք եկած էին իրմէ բժշկուելու: Այս տեսարանին դիմաց Յիսուս խղճաց այս ժողովուրդին վրայ որոնք եկած էին Յիսուսը տեսնելու, եւ իրեն հետ ուտելու, ինչպէս նաեւ իրմէ հրաշք սպասելու: Յիսուս իրագործեց իրենց երազը մի քանի հացեր բազմացնելով եւ բաժնելով հազարաւոր մարդոց եւ կշտացնելով այդ անօթի ժողովուրդը որոնք իրմէ շատ բաներ կը սպասէին, ինչպէս հոգեւոր եւ ֆիզիգահան առողջութիւն:
Մենք ալ այդ մարդոց մաս կը կազմենք, իւրաքանչիւրս ունի կեանքի դժուարութիւնները, խնդիրները, ձախողութիւնները, մէկ խօսքով այն ծարաւը լաւագոյնին որպէսզի իր հոգին եւ սիրտը լեցնէ: Ատոր համար է որ Յիսուս Քրիստոս եկաւ աշխարհ:
Այն մարդը որ Աստուծոյ, այսինքն իր արարչին հետ կապը կը կտրէ, կը կորսնցնէ կեանքին իմաստը, կը զրկուի իր կեանքը հասցնելու յաւիտենական կեանքին: Յիսուս այս պատմութեան մէջ կ'ուզէ հաստատել բոլորին, մանաւանդ տարակոյսի մէջ գտնուողներուն, թէ Ինքը իսկական բժիշկն է որ կարող է մեզ բժշկել կեանքին ամէնադժուար անդամալուծութենէն եւ որ կրնայ մեզի տալ իսկական բժշկական կերակուրը որուն պէտք ունի մեր հոգին:
Ո՜վ Յիսուս, քու գալովդ կ'ուզես ոչ միայն զիս բժշկել իմ հիւանդութիւններէս, այլ ինծի ձեռքդ կ'երկարես դառնալու ինծի ամենահաւատարիմ բարեկամս: Դուն ուզեցիր միշտ ներկայ գտնուիլ իմ կեանքիս մէջ, եւ մանաւադ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ... Տո՛ւր ինծի շնորհքը քեզ չմոռնալու որպէսզի ես ալ իմ կարգիս դառնամ քու հաւատարիմ եւ սիրելի բարեկամդ: Ամէն:

Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.