2014-02-25 11:28:36

Կարտինալ Միւլլէրի աղքատներու եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերեալ՝ գիրքին ներկայացումը։


Չորեքշաբթի, 25 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6.00ին, Հռոմի Պիոս ժ-րդ անուան սրահին մէջ, տեղի կ'ունենայ, նորանշանակուած Կարտինալ` Կէրարտ Միւլլէրի, ''Աղքատը աղքատներու համար, Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը '' վերտառութեամբ գիրքին ներկայացումը։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ գիրքին նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ստորագրութիւնը։
Գիրքին ներկայացում կը կատարեն, Հոնտուրասի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Օսքար Ռոտրիկէզ Մարատիակա, եւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։ Կարտինալ Միւլլէր Հաւատոյ Ժողովի նախագահն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.