2014-02-25 09:57:18

Լիբանան, Իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց հիւսիսային Պեքաան


Իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթի, 23 փետրուար կէս գիշերին, ռմբակոծեց հիւսիսային Պեքաայի Պրիթալ եւ Խրայպէ գիւղաքաղաքներու լեռնային շրջանները:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռմբակոծումը թիրախ դարձուց լիբանանեւսուրիական սահմանին վրայ գտնուող Հըզպալլայի դիրք մը:
Հըզպալլա իր կարգին հերքեց, թէ լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող իր դիրքերէն մէկը իսրայէլեան ռմբակոծումին ենթարկուած է







All the contents on this site are copyrighted ©.