2014-02-24 14:18:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 փետրուարի քարոզը՝
''Յիսուս առանցին չի թողուր մեզի ճանապարհի վրայ: Անոր հետեւիլ կը նշանակէ բնակարան մը ունենալ ՝ Եկեղեցին''։


Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի, 24 փետրուարին առաւօտեան,
Տոմուս Սանթայ Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզը սկսաւ ակնակելով թէ , '' Յիսուսին հետեւիլը գաղափար մը չէ այլ՝ մնալ է յարատեւ տան մէջ, որ է Եկեղեցին, ուր Քրիստոս կ՛առաջնորդէ բոլորը, նոյնիսկ անոնք որ հեռացած են''։

Նորին Սրբութիւնը, օրուան քարոզը կդերոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին, ուր` հայր մը Յիսուսին կը դիմէ իր զաւակը փրկելու չար հոգիէն։ Յիսուս գթութենէն շարժած կը մօտենայ երիտասարդին ու կ՛արտաքսէ չար հոգին։ ''Ահաւասիկ թէ ինչպէս - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը - Յիսուս մինակ չի թողուր մեզ ճանապարհին վրայ, Ան մեզի տուն կը վերադարձնէ''։
Աւետարանը լի է այս դրուագներով, Սուրբ Ղազարի Յարութիւնը, կորսուած ոչխարին վերադարձը իր հօտին.... Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակեց իր քարոզը ըսելով ''Յիսուս միշտ կը ներէ մեզի. եւ Անոր ''ժէսթերը'' յեղափոխական կը նկատուին երբ ան ներէ անոնց որ հեռացած են ինչպէս` Մատթէոս Մաքսաւորին կամ անոր ընկերոջ Զաքէոսին։
Չենք կրնար հասկնալ Յիսուսը առանց Աստուծոյ Ժողովուրդին։ Անիմաստ է սիրել Քրիստոսը առանց Եկեղեցւոյ։ Անիմաստ է հետեւիլ Յիսուսին մէկդի դնելով եկեղեցին ըսաւ Քահանայապետը, մէջբերելով Պօղոս Զ երջանկայիշատակ քահանայապետին խօսքերը, ''Եկեղեցին եւ Քրիստոսը միացած են, եւ ամէն անգամ որ Քրիստոս անձ մը կը կանչէ՝ զայն եկեղեցի կ'առաջնորդէ''։ Ամէն անգամ որ մեզմէ մէկը տունէն կը հեռանայ մեղքի մը պատճառաւ, անոր փրկութիւնը կ՛իրականացուի անոր տուն վերադարձով` Յիսուսի հետ, Եկեղեցի։







All the contents on this site are copyrighted ©.