2014-02-24 10:47:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Ծէսի հայող գիտաժողովի մասնակիցներուն։


Վերջերս Վատիկանի մէջ Աստուածային պաշտամունքի ու խորհուրդներու մատակարարման ժողովի անդամները գիտաժողով մը կը կատարեցին Վատիկանեան երկրորդ տիեզերական ժողովի՝ ծէսի հայող վաւերաթուղթի հրատարակման 50րդ տարեդարձին առթիւ։
Նշենք որ անիկա եղաւ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի առաջին վաւերաթուղթը։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ժողովականներուն ուղղած պատգամով իր խնդակցութիւնը յայտնեց ծիսական վաւերաթուղթին համար, որ մեծապէս նպաստեց եկեղեցւոյ բարենորոգումին։ Այդ վաւերաթուղթին նպատակն է փնտռել միշտ Աստուծոյ փառքը ու Եկեղեցւոյ պայծառութիւնը։ Անիկա մեծապէս սատարեց հասկնալու ծէսին իմաստն ու դերը հաւատացեալին կեանքին մէջ։ Ծէսը կը հրաւիրէ հաւատացեալը Քրիստոսով զգեստաւորուիլ ու ապրիլ Քրիստոսի համար։ Հետեւաբար քրիստոնեան կանչուած է ըլլալու Քրիստոսի ողջ զոհը։ Մեր գոհաբանական աղօթքը բարձրացնելով Ամենակալին կանչուած ենք վերանորոգ կամքով ապրիլ ծիսական վաւերաթուղթի հոգիով։ Ուստի ամէն կնքուած, կղերական թէ աշխարհական, հրաւիրուած է ծիսական կազմաւորում ունենալու։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակելով իր հայրական օրհնութիւնը կու տայ լիանիստին բոլոր մասնակցողներուն, մաղթելով որ իրենց հաւաքը պտղաբեր ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.