2014-02-24 13:14:15

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հայիթի նախագահը եւ Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները։


Երկուշաբթի, 24 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Հայիթի նախագահ Տիար Միշել Ժոզէֆ Մարթելլի, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու Պետութիւններու միջեւ տիրող յարաբերութիւններու լաւ ընթացքը, մասնաւորապէս կեդրոնանալով Եկեղեցւոյ ընկերութեան տուած սատարին, նամանաւանդ սռողջապահական եւ դաստիարակչական ասպարեզներէն ներս։ Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Երկրի կառուցումի գործընթացի մասին եւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ու համերաշխութեան պահանջի անհրաժեշտութեան մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ժամը 11-ին ընդունեց Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ 10 եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Արդարեւ 24 փետրուարէն մինչեւ 8 մարտ, Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Երկուշաբթի 24 փետրուարին Հռոմ ժամանեց եպիսկոպսոական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու առաջին խումբը որ կազմուած է 10 եպիսկոպոսներէ եւ որոնք կը ներկայացնեն 8 թեմեր` եւ զինուորական մէկ մատրանապետութիւն։

Սպանիայի միւս եպիսկոպոսները, հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները պիտի կատարեն 3 – 8 մարտ, մինչ յառաջիկայ 3 մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը միասնաբար պիտի ընդունի բոլոր եպիսկոպոսները ու հաւանական է որ անոնց ուղղէ պատգամ մը։

Հռոմ կեցութեան ընթացքին եպիսկոպոսները առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ Վատիկանի զանազան կաճառներու պատասխանատուներուն հետ։

Յայտնենք որ Սպանիայի եպիսկոպոսներուն վերջին կանոնական այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 2005-ի 17 յունուարէն - 6 մարտ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի քահանայապետութեան շրջանին, Սպանիայի եպիսկոպոսները հնգամեայ կանոնական այցելութիւն չեն կատարած, մինչ վաստակաւոր Քահանայապետը 3 անգամ այցելած է Սպանիան, 2006-ին, Ընտանիքներու համաշխարհային 5-րդ հաւաքի առթիւ, 2010-ին Պարչելլոնա եւ Սանդիակօ Տի Քոմբոսդելլա եւ 2001-ին Մատրիտի մէջ կայացած Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.