2014-02-24 15:08:02

Ֆրանչիսկոս Պապը իքնագիր նամակով հաստատեց Սուրբ Աթոռի տնտեսական եւ մատակարարական նոր մարմիններ։


Երկուշաբթի, 24 փետրուար, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իքնագիր նամակով Վատիկանեան նոր կառոյց մը ստեղծեց որուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սուրբ Աթոռի տնտեսական եւ մատակարարական հարցերը։
Տնտեսական այս նոր մարմինը ունի` ''տնտեսութեան խորհուրդ'', ''տնտեսութեան քարտուղարութիւն'' եւ ''ընդհանուր քննիչ''։
Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչն է Կարտինալ Ժորժ Փել` Սիտնէյի Արքեպիսկոպոսը, եւ քարտուղարութեան խորհուրդին մաս կը կազմեն 8 եկեղեցականներ եւ եօթը աշխարհականներ։
''Հաւատարիմ եւ խոհեմ տնտեսի նման որուն պարտականութիւնն է ուշադրութեամբ խնամք տանիլ իրեն վստահուածին, Եկեղեցին, գիտակից է իրեն յանձնուած պատասխանատուութեան, պահպանելու եւ ուշադրութեամբ մատակարարելու իրեն ինչքերը, աւետարանութեան առաքելութեան լոյսին տակ, յատուկ հոգածութիւն տանելով չքաւորներուն''։ Կը գրէ Քահանայապետը իր ինքանգիր նամակին սկզբը ու ապա մատնանշելով Սուրբ Աթոռի տնտեսական քննիչ յանձնախումբի թելադրանքներուն ու այս առընչութեամբ Կարտինալական ութեակ խորհուրդի հետ ունեցած խորհրդակցական հանդիպումներուն, Քահանայապետը կը հաստատէ թէ ''այս գիրով կը ստեղծուի ''Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը'' որուն պարտականութիւնն է ուղեցոյց առաջարկել տնտեսական մատակարարութեան գծով եւ հսկել Հռոմի Քուրիայի, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան ու ասոնց հետ կապ ունեցող հաստատութիւններու կառոյցներուն եւ մատակարարական գործունէութիւններուն վրայ։
Տնտեսութեան խորհուրդը կազմուած է 15 անդամներէ, որոնցմէ ութըն ընտրուած են Կարտինալական եւ եպիսկոպոսական դասէն իսկ մնացած եօթըն զանազան ազգութենէ աշխարհական մասնագէտներէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.