2014-02-24 10:44:01

''Սուրիացի փախստակններուն թիւը կարող է հասնիլ չորս միլիոնի'' ՄԱԿ-ի մտավախութիւնը։


Մակ-ի փախստականներու հարցերով յանձնակատարի գրասենեակը կոչ
ուղղած է, 2015-2016 թուականներու ընթացքին, Սուրիոյ տարածաշրջանին
մերձաւոր երկիրներուն, բանալ իրենց դռները 100 հազար Սուրիացի փախստակններուն առջեւ։

ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով մամուլի գրասենեակի քարտուղար` Դեն
Ման Քորթոն, հաստատած է, որ հնարաւոր աշխատանքներ կը կատարուին, գտնելու այնպիսի երկիրներ, որոնք կարող են ընդունիլ Սուրիացի փախստակններ՝ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին։

Նորթոն նշած է նաեւ, թէ 30 հազար Սուրիացիներ կարիքը ունին մինչեւ տարեվերջը
հաստատուելու՝ հիւրընկալ երկիրներու մէջ։

Մինչեւ այսօր, 12 երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնած են՝ ընդունելու
18 հազար Սուրիացի փախստակննմեր ։

Նշենք որ Մակը մտավախութիւն յայտնած է ,որ մինչեւ տարեվերջ, Սուրիացի
փախստակններու թիւը կարող է հասնիլ 4 միլիոնի։







All the contents on this site are copyrighted ©.