2014-02-24 09:34:02

Ուքրանիոյ նախագահ նշանակուած է ժամանակաւորապէս Օլեքսանտր Թուրչինովը


Շաբաթ օր Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը պաշտօնանկ ընելէ ետք, Ուքրանիոյ խորհրդարանը երէկ որոշեց իր նախագահը` Օլեքսանտր Թուրչինովը ժամանակաւորապէս նշանակել նախագահի պաշտօնակատար:
Քիեւի եւ այլ շրջաններու մէջ աւելի քան երեք ամիս տեւած ցոյցերէ, ինչպէս նաեւ վերջին օրերու արիւնալի բախումներէն ետք Եանուքովիչ շաբաթ օր լքած էր մայրաքաղաքը:
Երէկ ուքրանացի խորհրդարանականները նաեւ քուէարկած էին Եանուքովիչի դաշնակից, արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարան պաշտօնանկ ընելու օգտին:
Նախագահի պաշտօնակատար Թուրչինով կոչ ուղղած էր խորհրդարանի անդամներուն մինչեւ երեքշաբթի օր համաձայնութեան գալու միացեալ կառավարութեան կազմին շուրջ:

Խորհրդարանը երէկ քուէարկած է նաեւ Եանուքովիչի նստավայրը պետութեան յանձնելու օգտին: Եանուքովիչի գտնուելուն վայրը առայժմ անյայտ է: Հայազգի Արսէն Աւագով, որ շաբաթ օր նշանակուած էր ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար, տեղեկացուցած է, որ սահմանապահները արգիլած են Եանուքովիչին օդանաւ նստիլ Տոնեցքի մէջ:
Շաբաթ օր ազատ արձակուեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքօ: Ան հիմնական թեկնածու է մայիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.