2014-02-24 10:39:59

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Նահատակներուն նուիրուած յատուկ դրոշմաթուղթեր։


Նիքոլա Սահնաուի Ստորագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յատուկ Դրոշմաթուղթ Հրապարակելու Որոշումը
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի 28 յունուար 2014 ստորագրեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յատուկ դրոշմաթուղթ հրապարակելու որոշումը:
Սահնաուիի ցուցմունքներով նախարարութիւնը պիտի տպէ այդ դրոշմաթուղթը, որ կը կրէ Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին կանգնեցուած Պիքֆայայի յուշարձանին լուսանկարը:
Կը նախատեսուի, որ ամիս մը ետք դրոշմաթուղթը շրջանառութեան մէջ դրուի:
Լիբանանեան «Տը Տէյլի Սթար» թերթը կը հաղորդէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած դրոշմաթուղթ մը պիտի հրապարակուի Լիբանանի մէջ: «Լիբանանի մէջ կը գտնուի շուրջ 200 հազարնոց հայկական մեծ համայնք, որուն անդամները Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին կոտորածներուն պատճառով Օսմանեան կայսրութենէն գաղթած եւ պարտադիր տեղահանուած հայերու ժառանգորդներն են: Մինչ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, 2013ի Ապրիլին աւելի քան 10 հազար հայ համախմբուած էր Պէյրութի կեդրոնը՝ ոգեկոչելու 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցը», կը գրէ «Տը Տէյլի Սթար»:
Դրոշմաթուղթին վրայ նկարուած է Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանը. անիկա հրապարակ պիտի հանուի յաջորդ մէկ ամսուան ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.