2014-02-24 09:35:43

Դարձեալ պայթում մը , Լիբանանի Հերմել շրջանին մէջ։


Շաբաթավերջին, Լիբանանի Հերմել շրջանին մէջ, աւելի քան 125 քկ պայթուցիկ նիւթ կրող ինքնաշարժ մը պայթեցաւ բանակային դիրքի մը մօտ:
Շաբաթ, 22 փետրուարին, «Կրանտ Շերոքի» տիպի սեւ ճիփ ինքնաշարժի մը վարորդը շաբաթ, 22 փետրուարի երեկոյեան փորձեց «անցնիլ» լիբանանեան բանակի մէկ անցարգելէն: Սակայն զգալով, որ քողազերծուած ու կասկածի տակ է դիրքի բանակային տարրերուն կողմէ, դիմեց անձնասպանութեան` բռնկեցնելով իր վարած ինքնաշարժն ու դիրքին մօտ գտնուողները: Ահաբեկչական այս գործողութիւնը, որուն զոհ գացին բանակային սպայ` քափիթեն Էլիաս Խուրի, ներքին ապահովութեան ուժերու զինուորական Համզէ Ֆէյթրունի եւ Մոհամետ Այուպ անունով քաղաքային մը` 15 վիրաւորներու կողքին, նախապէս իմացուած էր բանակային պատկան կողմերէն ու այդ իսկ պատճառով ականահարուած դիրքը հաստատուած էր վերջին քանի մը օրերուն: Քայլ մը, որ զոհերու թիւը նուազագոյնի իջեցուց, երբ պայթումէն կէս ժամ առաջ դէպքին մասին տեղեկացած սպան կասկածելի վարորդէն պահանջեց դուրս գալ ինքնաշարժէն` առ ի քննութիւն:
Նմանապէս, ապահովական պատկան կողմեր տեղեակ էին, թէ ականուած 4 ինքնաշարժներ Լիբանան մուտք գործած են վերջերս, առ այդ` ապահովական միջոցառումները խստացուած էին: Աւելի ուշ, Ժապհաթ Նուսրայի Լիբանանի ճիւղը ստանձնեց ահաբեկչական այս արարքին պատասխանատուութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.